Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղաղութիւն Ունեցանք». ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Որդեգրեց Կազայի Վերաբերեալ Ամերիկեան Նախագիծը

November 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց նախագիծ մը, որ կը զօրակցի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի մէջ խաղաղութեան ծրագիրին, որ կը ներառէ Կազայի մէջ միջազգային ուժերու տեղակայում եւ Պաղեստինի պետութեան ստեղծման հոլովոյթ մը:

Ապահովութեան խորհուրդի 13 անդամներ ամերիկեան նախագիծին թեր քուէարկեցին, իսկ Ռուսիան ու Չինաստանը ձեռնպահ մնացին, սակայն իրենց վեթոյի իրաւունքը չօգտագործեցին:

Քանի մը անգամ բարեփոխման ենթարկուած նախագիծը կը զօրակցի 10 հոկտեմբերին Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ զինադադար հաստատած ծրագիրին:

Նախագիծին վերջին տարազը կ՛արտօնէ ստեղծումը «միջազգային կայունութեան ուժ»-ի մը, որ Իսրայէլի, Եգիպտոսի եւ նոր մարզուած պաղեստինեան ոստիկանութեան հետ կը գործակցի` սահմանային շրջաններու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ Կազան զինաթափելու համար:

Որոշումը նաեւ կ՛արտօնէ ստեղծումը «Խաղաղութեան խորհուրդ»-ի մը, որ տեսականօրէն Թրամփի նախագահութեամբ Կազայի ժամանակաւոր կառավարման մարմին մըն է, որուն պաշտօնավարման շրջանը կ՛աւարտի 2027 թուականի աւարտին:

Ի տարբերութիւն նախկին տարբերակներուն, որդեգրուած նախագիծը պաղեստինեան ապագայ պետութեան ստեղծման կարելիութեան նշում կը կատարէ:

Որոշումին համաձայն, անմիջապէս որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը անհրաժեշտ բարեփոխումները կը կատարէ, եւ Կազայի վերաշինութիւնը կը սկսի, «պայմանները կրնան վերջապէս պատրաստ ըլլալ պաղեստինցիներու ինքնորոշման եւ պետութեան ստեղծման հաւաստի հոլովոյթի մը համար»:

Համաս շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ որոշումը պաղեստինցիներու պահանջներու ու իրաւունքներու մակարդակին վրայ չէ եւ զանոնք կը զրկէ ինքնորոշման իրաւունքէ, Կազայի վրայ միջազգային հոգատարութեան մեքանիզմ կը պարտադրէ, եւ շեշտեց, թէ զէնքի թղթածրարին վերաբերող որեւէ քննարկում ազգային ներքին խնդիր պէտք է մնայ:

Շարժումը նշեց, թէ միջազգային ուժին Կազայի մէջ զինաթափում կատարելու պարտականութիւն տալը անկէ կը խլէ անկողմնակալութիւնը եւ զայն կը վերածէ տագնապին մէջ Իսրայէլի կողքին եղող կողմի:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ողջունեց Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ամերիկեան նախագիծի որդեգրումը եւ ըսաւ, որ Թրամփի 20 կէտերէ բաղկացած ծրագիրը խաղաղութեան պիտի առաջնորդէ:

Ան աւելցուց, որ այդ ծրագիրը բարգաւաճման պիտի առաջնորդէ, որովհետեւ ամբողջական զինաթափում, զինուորական ենթակառոյցի կազմաքանդում եւ Կազայէն ծայրայեղականութիւնը ջնջելու հոլովոյթ կը ներառէ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «ՄԱԿ-ը հաւանութիւն տուաւ խաղաղութեան խորհուրդին, որուն պիտի նախագահեմ, եւ անոր անդամակցութեան համար աշխարհի վրայ ամէնէն ականաւոր պետութիւններու ղեկավարները պիտի ընտրենք»:

Ան նշեց, որ ինք կարեւոր պետութիւններու ղեկավարներու կողքին անդամ պիտի ըլլայ խաղաղութեան խորհուրդին:

«Խաղաղութեան խորհուրդին աջակցիլը ՄԱԿ-ի իրագործած կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մէկն է», ըսաւ ան` նշելով. «Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն ունեցանք»:

 

Նախորդը

Ռուսիան Այսօր Պոլսոյ Մէջ Ուքրանիոյ Հետ Հաղորդակցութիւններուն Պիտի Չմասնակցի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.