Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսէյֆի «Ժումհուրիա» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ նշեց. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին մամլոյ խմբագիրներու սենտիքայի խորհուրդին հետ իր հանդիպումին ընթացքին լաւատես կամ յոռետես չէր, այլ` ներկայ կացութեան որակաւորման մէջ առաւելագոյն չափով իրատես: Ան «սուրճի գաւաթ» չի կարդար` գուշակելու համար, թէ պատերազմը կա՞յ, թէ՞ ոչ, որովհետեւ Իսրայէլի նման պետութեան հետ ամէն բան կարելի է, եւ կարելի չէ անոր նպատակներուն վստահիլ, նկատի ունենալով անոր թշնամութիւնը եւ զինադադարի համաձայնութիւնը խախտել շարունակելը:
«Ուստի 27 նոյեմբերի համաձայնութեան գործադրութիւնը այն ուղին է, որ կ՛առաջնորդէ յառաջիկայ քայլերուն եւ դասաւորումներուն, որոնք հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կը վերականգնեն, ուստի եւ Լիբանանի մէջ թիրախաւորուած բոլոր շրջաններուն մէջ»:
«Պըրրին սարսափահար չէ, թէեւ չի ծածկեր ցաւը, որ լիբանանցիները անկարող են միասնականութիւն գոյացնելու եւ համաձայնելու այն հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ, որոնց վրայ հիմնուած է իրենց երկիրը», նշեց Քսէյֆի:
«Եթէ Պըրրին համաձայն չէ Հըզպալլայի վերջին ուղերձը հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին ուղղելուն, ապա ան կը հաստատէ, որ կուսակցութիւնը ոչ մէկ փամփուշտ կրակած է Լիթանիի հարաւային շրջանին մէջ կամ որեւէ այլ շրջանէ, եւ ամբողջութեամբ յարգած է զինադադարի որոշումը, մինչդեռ Իսրայէլ կը շարունակէ իր յարձակումները», կը գրէ Քսէյֆի:
Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահը կ՛աւելցնէ. «Ան ափսոսանքով նշեց, որ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի հանդիպումները ինչպէս անցած են` Իսրայէլի խախտումներու համար հսկումէն, դատապարտումէն եւ պատասխանատուութեան ենթարկումէն դէպի լիբանանեան բանակի թիրախաւորում. «Անոնք այժմ բանակի, եւ ոչ թէ` իսրայէլացիի հսկողութիւն կը կատարեն»:
«Ան կ՛աջակցի ոչ քաղաքական բանակցութիւններուն` յստակ նշելով. «Ինչ կը վերաբերի քաղաքական բանակցութիւններուն, անոնք կը բացառուին», Կ՛ըսէ Քսէյֆի:
«Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան միասնութիւնը հիմնարար եւ էական է, եւ որ առանց ատոր ոչ մէկ նուաճում կարելի է: Ան աւելցուց, որ հաշտ է այն փաստին հետ, որ ինք թշնամիներ չունի, այլ միայն հակառակորդներ, որոնք քաղաքական կեանքի բնական մասը կը կազմեն», կը գրէ ան:
Պըրրի հարցումի մը պատասխանելով յայտնած է. «Ո՛չ պատերազմ կայ, ո՛չ ալ պատերազմ չկայ կ՛ըսեմ»:


