Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը

November 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ողջունեց Լիբանանի հետ առեւտրական յարաբերութիւնները ամրապնդելու Սէուտական Արաբիոյ դիրքորոշումը` ըսելով. «Մենք Սէուտական Արաբիոյ կը սպասենք, եւ Լիբանանի պաշտպանութիւնը իր արաբական շրջապատէն կու գայ»:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ «եւ Լիբանանի կայունութեան ու բարգաւաճման միշտ նախանձախնդիր եղող ղեկավարութեան»` երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները ամրապնդելուն եւ լիբանանեան արտածումներուն դէմ հաստատուած արգելքները վերցնելու մօտալուտ քայլեր որդեգրելու պատրաստակամութիւնը յայտարարելուն համար:

«Բարձր կը գնահատենք Սէուտական Արաբիոյ` հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ լիբանանեան կառավարութեան կեցուածքներուն հիմամբ Լիբանանի իր արաբ եղբայրներու անվտանգութեան քայքայման համար օգտագործումը արգիլելու, թմրեցուցիչներու մաքսանենգման դէմ պայքարի գնահատանքը», նշեց Սալամ:

«Լիբանանը անկեղծ եւ հաւատարիմ եղբայրը կը մնայ իր արաբ եղբայրներուն, որոնք ոչ իսկ օր մը տատամսեցան անոր նկատմամբ իրենց սէրն ու աջակցութիւնը ցուցադրելու», շեշտեց վարչապետը:

Նախքան այդ, սէուտցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էր. «Անցնող ամիսներուն լիբանանեան իշխանութիւնները դէպի թագաւորութիւն թմրեցուցիչներու մաքսանենգման վերջ տալու մէջ իրենց ատակութիւնը փաստելնէն ետք, Սէուտական Արաբիան մտադիր է ամէնէն մօտ ժամանակին ամրապնդելու Լիբանանի հետ առեւտրական յարաբերութիւնները»:

«Լիբանանեան կառավարութեան` Լիբանանը արաբական պետութիւններու անվտանգութեան սպառնալու իբրեւ հարթակ օգտագործումը արգիլելու ջանքերը յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթացի պիտի յանգեցնեն», նշեց ան:

Սէուտցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը նաեւ ընդգծեց. «Սէուտական Արաբիան կը գնահատէ նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի նախաձեռնութիւնները»:

 

Նախորդը

Դիւանագիտական Աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին. Ուաշինկթըն Չ՛ուզեր Միջնորդի Դեր Խաղալ, Այլ Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները Պէտք Է Ուղղակի Ըլլան

Յաջորդը

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Ռիատ Կ՛ուզէ Ուաշինկթընէն Քաթարի Օրինակով Անվտանգութեան Երաշխիքներ Ստանալ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.