Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասպանի. «Հըզպալլայի Իր Զէնքը Չյանձնելու Վրայ Պնդելը Լիբանանը Վտանգի Կ՛ենթարկէ Եւ Որեւէ Նախաձեռնութիւն Ձախողութեան Կը Մատնէ»

November 14, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ Հըզպալլայի իր զէնքը չյանձնելու վրայ պնդելը, պարծենալը, թէ իր ուժերը վերականգնած է եւ ըսելը, թէ 27 նոյեմբեր 2024-ի զինադադարի համաձայնութիւնը բացառապէս Լիթանի գետի հարաւը գտնուող զէնքի յանձնումին կը վերաբերի, բան մը, որ նոյնիսկ չէ կատարած, Լիբանանը վտանգի կ՛ենթարկէ, եւ որեւէ նախաձեռնութիւն, եգիպտական ըլլայ ան, ֆրանսական կամ որեւէ այլ կողմի, ձախողութեան կը մատնէ»:

Հասպանի «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին զգուշացուց. «Քանի մը շաբաթներ մեզ կը բաժնեն Լիբանանի մէջ կացութեան եւ շրջանին մէջ անոր դերակատարութեան վճռումէն, որովհետեւ լարուածութեան յառաջադէմ փուլի մէջ կը գտնուինք»:

«Կը թուի, թէ հարցը կապուած է ժամանակացոյցի, քայլերու արագացման եւ լիբանանեան պետութեան կողմէ գետնի վրայ աշխատանքներու վերաբերեալ յստակ ապացոյցներու ներկայացման: Հիմնականը այն է, որ կուսակցութիւնը լիբանանեան բանակին հետ գործակցի եւ պետութեան արտօնէ իր դերը կատարել», աւելցուց երեսփոխանը:

«Զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելը չափազանց հրատապ է, մանաւանդ որ նուրբ կացութեան մէջ կը գտնուինք», յայտնեց Հասպանի:

«Ժամանակը կը սպառի, եւ կուսակցութեան մագլցում կատարելն ու զէնքին կառչած մնալը կը յանգեցնեն փոխադարձ մագլցումի, եւ այդ է, որ կը տեսնենք իսրայէլեան հարուածներու կշռոյթի բարձրացման մէջ, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ հարցերը ո՛ւր կրնան հասնիլ:

«Ճիշդ է, որ բանակը մեծ ջանքեր կը գործադրէ, սակայն Լիբանանին հասնող պատգամները կը հաստատեն, որ պահանջուածը աւելի շօշափելի աշխատանք է` հանգստացնելու համար միջազգային ընտանիքը եւ զայն կարող դարձնելու Իսրայէլի վրայ աւելի ճնշում բանեցնելու, որպէսզի դադրեցնէ իր ոտնձգութիւնները եւ հեռանայ հարաւային Լիբանանէն», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Գործ Ունինք Անզօր Եւ Իր Հրամանները Դուրսէն Ստացող Քաղաքական Իշխանութեան Հետ»

Յաջորդը

Հաժժար. «Մեր Բռնագրաւուած Հողերու Ազատագրումն Ու Իսրայէլեան Յարձակումներու Դադրեցումը Անսակարկելի Ազգային Առաջնահերթութիւն Են»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.