Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Նոր Սուրբի Յիշատակին` Գոհաբանական Պատարագ Հարիսայի «Լիբանանի Տիրամայր» Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

November 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՇՏՈԾ Թ. Ծ. Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ
Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան
պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր

Շաբաթ, 15 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հարիսայի «Լիբանանի Տիրամայր» մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի համալիբանանեան մակարդակի գոհաբանական սուրբ եւ անմահ պատարագ` հանդիսապետութեամբ  Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ, առ ի երախտապարտութիւն Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ, Մարտին քաղաքի առաջնորդ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի 19 հոկտեմբերին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի շրջափակին մէջ Լեւոն ԺԴ. պապի կողմէ սուրբ հռչակուելուն:

Սոյն հոգեպարար արարողութեան նախաշեմին ցանկալի էր, որ սուրբին հոգեւոր ապրումներն ու հաւատարմութիւնը ապացուցող վաւերագիր մը հրապարակէինք` պարզելու, թէ ինչպիսի՛ն էր անոր հոգեկերտուածքը, եւ ի զուր չէր, որ ան հասաւ սրբութեան եւ այժմ կը բարեխօսէ մեզի համար:

Սոյն նամակը կը հրապարակենք առանց յապաւումի:

Մարտին, 14 յունիս 1914

Ամենասիրելի գերապայծառ հայրիկս,

Որդիական անկեղծ սրտիս մեծ ցաւ պատճառեց լուրը ձեր անհանգստութեան, եւ ամէն օր սուրբ պատարագին անարժանաբար կը յիշեմ զձեզ եւ ջերմագինս կ՛աղօթեմ, որ շնորհէ սիրելի հայրիկիդ Բարձրեալը` քաջառողջութիւն եւ հանգստութիւն, նոյնպէս եւ վարժարանի մանկիկներուն իմ գաղտնի դիտաւորութիւնս ամէն օր երեք Ողջոյն աղօթել կու տամ եւ կը յուսամ, որ ի մօտոյ կը լսեմ ցանկալի լուրը` նա թէ` մեծ աւետիսը ձեր կատարեալ առողջութեան:

Շատ մեծ յոյս ունիմ, որ նոյեմբերի վերջերը ճամբորդութիւն մ՛ընեմ դէպ յԵգիպտոս, ձմեռը հոն անցընելու համար: Որովհետեւ անցեալ ձմեռը չափազանց նեղուեցայ յօդացաւի պատճառաւ, եւ ցայժմ կը շարունակէ: Ուստի եւ անպատճառ ձմեռը տաք տեղ մ՛անցընելու պիտի խորհիմ:

Այս առթիւ հաճոյքը պիտի վայելեմ սիրելի հայրիկդ մէյ մ՛ալ տեսնելու:

Վիճակս որչափ դառն է` մխիթարութիւնս ալ շատ մեծ է ի հոգեւորս, հոգեւոր կրթութիւններ տալով եւ հրահանգել տալով այս բարի ժողովուրդը ի սէրն Քրիստոսի:

Մի՛ մոռնաք զիս ձեր աստուածահաճոյ աղօթքներուդ մէջ, որուն շատ կարօտ եմ, եւ որուն ցանկալի արդիւնքը տեսած եմ պզտիկուց ի վեր:

Ողջագուրելով զսիրելի հայրիկդ խանդակաթ սիրով` մնամ ի հաւաստին որդիական անկեղծ յարգանաց եւ համակրանաց

Գերապայծառ հայրութեանդ
Անձկալից որդի
Իգնատիոս Վրդ. Մալոյեան
Արքեպիսկոպոս Մամպտոյ

Սոյն տողերը ցոյց կու տան սուրբին համեստութիւնը եւ անմիջական կապը Աստուծոյ հետ:

Այժմ մեզի կը մնայ հետեւութիւն կատարել, թէ ո՛վ էր սուրբը, ինչպիսի՛ վարքագիծի տէր անձնաւորութիւն էր եւ իր հօտին ինչպիսի՛ հոգածութիւն կը ցուցաբերէր եւ հոգեւոր սնունդ կը փոխանցէր:

 

 

Նախորդը

Մխիթարեաններու 325-Ամեակին` 41 Արուեստի Գործի Նուէր Եւ Համերգ

Յաջորդը

Պատմութեան Մէջ Քանդիչ Դաւաճանութիւններ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.