Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն խմբագիրներու սենտիքայէն պատուիրակութիւն մը ընդունելուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան տակաւին Իսրայէլէն չստացաւ որեւէ պատասխան` հողի ազատագրման համար իր առաջարկած բանակցութեան ընտրանքին մասին:
«Ուժի տրամաբանութիւնը այլեւս օգուտ չունի, եւ պէտք է տրամաբանութեան ուժին դիմենք», ըսաւ ան:
«Եթէ անկարող էինք պատերազմի դիմելու, պատերազմը մեզ արհաւիրքներ պատճառեց, եւ շրջանին մէջ գոյութիւն ունի կարգաւորումներու ալիք մը, ի՞նչ ընենք», հարց տուաւ ան:
Հանրապետութեան նախագահը ըսաւ, որ Լիբանանը Սուրիոյ կցելու մասին խօսքը անարդարանալի է եւ անտեղի` նշելով, որ Սուրիոյ կայունութիւնը Լիբանանի կայունութեան համար անհրաժեշտ է:
Աուն ըսաւ, որ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ ազգային երկխօսութիւնը «խուլերու երկխօսութեան» համազօր է` շեշտելով, որ ինք, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու վրայ կը պնդեն` նշելով, որ խորհրդարանը այս ծիրին մէջ պէտք է իր դերը կատարէ:
Ան ըսաւ, որ տակաւին նոր Լիբանան կառուցելու յոյս ունի` նշելով. «Մեր առջեւ գտնուող առիթները մեծ են. գոյութիւն ունին պատուիրակութիւններ եւ Լիբանանի համար գումարուող խորհրդաժողովներ: Ոմանք տակաւին հաճոյք կ՛առնեն ներքին անօգուտ տագնապներէն, եւ իւրաքանչիւրը կ՛ուզէ իր խմբակի ուժերը լարել, որովհետեւ ընտրական տարի է:
«Ատիկա իւրաքանչիւր անձի իրաւունքն է, սակայն ոչ ոք իրաւունք ունի Լիբանանի պատկերը ժխտական բաներով աղաւաղելու, համայնքային ու յարանուանական հրէշը արթնցնելու: Անձնական շահերու համար լարուածութիւնները գրգռելը երկիրը միայն աւերի կ՛առաջնորդէ», յայտնեց նախագահը:
«Բանակցութեան սկզբունքին մասին խօսեցանք եւ տակաւին մանրամասութիւններուն չանդրադարձանք, եւ մեր այս առաջարկին պատասխան չստացանք: Երբ դրական պատասխանի առջեւ կանգնինք, այդ ատեն մեր պայմաններուն մասին կը խօսինք: Հիմնական կէտը, որ կը նշեմ, հետեւեալն է` պատերազմի մէջ մտնելու կարո՞ղ ենք, պատերազմի լեզուն խնդիրները կը լուծէ՞: Թող մէկը ինծի այս հարցումներուն պատասխանը տայ», ըսաւ նախագահը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այդ հարցումը Հըզպալլայի՞ն ուղղած է, նախագահը ըսաւ, որ ինք այդ մէկը անկեղծութեամբ կուսակցութեան ըսած է:
«Ուժի տրամաբանութիւնը այլեւս օգուտ չի բերեր, պէտք է տրամաբանութեան ուժին դիմենք: Ահա Ամերիկան Վիեթնամի մէջ 15-ամեայ պատերազմէն ետք, նաեւ Համասը ստիպուեցան բանակցութեան դիմել», յայտնեց նախագահ Աուն:


