Հայաստանի ազգային հաւաքականի անդամներուն միջին տարիքը, այս շաբթուան զտումի մրցումներուն համար կը կազմէ 25,6 տարեկան:
Արդարեւ, նոյեմբերեան այս հանդիպումներու վերջին հանգրուանին Հայաստան, որ Հունգարիոյ (վաղը) եւ Փորթուգալի դէմ (կիրակի օր) 2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումներ պիտի կատարէ, եղաւ ամբողջ Եւրոպայի 4-րդ ամէնէն երիտասարդ հաւաքականը:
Հաւաքականին մաս կը կազմեն 30 տարեկանէն վեր միայն 4 փորձառու մարզիկներ` բերդապահ Օքնեն Չանչարեւիչ (36), Կամօ Յովհաննիսեան (33), Կարէն Մուրատեան (33) եւ Արսէն Բեգլարեան (32): Երեք մարզիկներ 26-էն 29 տարեկանի միջեւ են` Հենրի Աւագեան (29 տարեկան), Էտկար Գրիգորեան (27) եւ Նայիր Թիքնիզեան (26), իսկ մնացած բոլորը 25 տարեկանէն վար են:
Նոյն խմբակի հաւաքականներուն հետ բաղդատելով` Հայաստան ամէնէն երիտասարդն է, մինչ Հունգարիոյ եւ Փորթուգալի ազգային խումբերու միջին տարիքն է 27,3 իսկ Իրլանտան` 26,7:
Հայաստանէն աւելի երիտասարդ են միայն Սան Մարինոն (24), Ճիպրալթարը (24,9) եւ Հիւսիսային Իրլանտա (25,1):
Ամէնէն երէց ազգային խումբն է Սկովտիա (28,9), ապա Լիթուանիա (28,2) Սլովաքիա (28.1՛) եւ Խրուաթիա (28):
Հայաստան փոփոխութեան ժամանակաշրջանի մէջ կը գտնուի: Խումբը աւելի կը վստահի այն ֆութպոլիստներուն, որոնց լաւագոյն տարիները տակաւին իրենց առջեւն են: 21 տարեկանին Արտեմ Բանդիկեան ու Արայիկ Ելոյեան, ինչպէս նաեւ Գէորգ Տարախչեան հրաւիրուեցան ազգային հաւաքական: Տարախչեան նախապէս հազուադէպօրէն կը հրաւիրուէր, մինչ աւելի փորձառու Լուքաս Զելարայեան ըստ երեւոյթին աւարտած է իր ելոյթները ազգային խումբին հետ:
Վաղը Հունգարիոյ դէմ, ինչպէս նաեւ կիրակի օր Փորթուգալի դէմ մրցումները կարեւոր եւ լաւ փորձառութիւն պիտի ըլլան տղոց համար: Արդեօք երիտասարդ հաւաքականը կը կարենա՞յ դիմակայել աւելի փորձառու մրցակիցներուն ճնշումին, կը տեսնենք քանի մը օրէն:


