Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց. «Լիբանան բարեկամ պետութիւններէն օգնութիւն խնդրեց Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի յարգէ համաձայնութիւնը, սակայն մինչեւ հիմա դրական արդիւնքի չհասանք»:
Նախագահ Աուն այս մասին յայտնեց, մինչ իր պուլկարացի պաշտօնակից Ռոմին Ռատեւի պաշտօնական հրաւէրին ընդառաջելով Պուլկարիա պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ կը շարունակէ Սոֆիայի մէջ իր պաշտօնական հանդիպումները:
Ան այս ծիրին մէջ այցելեց Պուլկարիոյ վարչապետ Ռոզին Ժիլիազքովի: Վերջինս ողջունեց Աունի Պուլկարիա այցելութիւնը, որ կը զուգադիպի երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 60-ամեակին:
«Մենք կը հետեւինք Լիբանանի մէջ զարգացումներուն եւ այն ջանքերուն, զորս կառավարութեան հետ կը թափէք` հասնելու համար ներկայ կացութեան լուծումներու, եւ այդ ջանքերը հաստատաբար քաղաքական լուծումներու պիտի յանգին` շնորհիւ ձեր հովանաւորութեան եւ բարեկամ Լիբանանի ձեր ղեկավարման», ըսաւ Պուլկարիոյ վարչապետը:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց պուլկարական կառավարութեան հիւրընկալման համար` շեշտելով երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ զանոնք բոլոր ոլորտներուն մէջ զարգացնելու փափաքը:
«Գոյութիւն ունին տարիներ առաջ ստորագրուած համաձայնագիրներ, որոնք կարիքը ունին վերատեսութեան ենթարկուելու եւ կեանքի կոչուելու` նկատի ունենալով անցեալ տարիներուն Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումները», ըսաւ ան:
Աուն յոյս յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը արդիւնաւորուի, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի զինուորական, կրթական, մշակութային եւ համակարգչային ոլորտներուն:
Ան նշեց, որ Լիբանան անհամբեր կը սպասէ պուլկարական օդանաւային ընկերութեան Պէյրութ վերադարձին` ապահովելու համար երկու երկիրներու մայրաքաղաքներուն միջեւ ուղղակի կապը:
Ան առաջարկեց պուլկարական պատուիրակութիւն մը ուղարկել Պէյրութ` կացութեան մօտէն ծանօթանալու եւ ճշդելու այդ նպատակի իրագործման համար կարիքներն ու գործնական քայլերը:
Ինչ կը վերաբերի մնացեալ նիւթերուն, ապա որոշուեցաւ, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ունենան հանդիպում մը` բոլոր նիւթերուն վերաբերող փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութիւն մը մշակելու համար:
Քննարկումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանի կացութեան:
Նախագահ Աուն նշեց, որ կայուն եւ ապահով Լիբանան մը կը հանգստացնէ եւրոպական երկիրները եւ կը կանխարգիլէ բացերը, որոնք կրնան ապահովական կամ ընկերային իրարանցումներ ստեղծել:
Հանրապետութեան նախագահը ներկայացուց Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական կացութիւնն ու այն բարեկարգումները, զորս լիբանանեան կառավարութիւնը որդեգրած է դրամատնային, ելեւմտական եւ ընկերային ոլորտներուն մէջ:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի կացութեան` նախագահը խօսեցաւ Իսրայէլի թշնամական արարքներու շարունակման ճամբով մէկ տարի առաջ յայտարարուած համաձայնութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ոտնահարման, ինչպէս նաեւ լիբանանեան հողերը բռնագրաւուած պահելուն եւ լիբանանցի գերիները ազատ չարձակելուն մասին:
Պուլկարիոյ վարչապետի լուսաբանական հարցումին պատասխանելով` նախագահ Աուն բացատրեց այն առաքելութիւնը, որ լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ կը կատարէ, ինչպէս նաեւ ներկայացուց երկրին մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը` նշելով, որ անիկա նախկինէն լաւ է:
Պուլկարիոյ վարչապետը յայտնեց, որ իր երկիրը կը փափաքի Լիբանանի եւ Պուլկարիոյ միջեւ լաւագոյն յարաբերութիւններու հաստատման վրայ աշխատիլ` առաջարկելով տնտեսական միացեալ յանձնախումբ մը կազմել, ինչպէս նաեւ ստեղծել այլ յանձնախումբեր, որոնք կը վերաբերին փոխադրամիջոցներու, կրթութեան, մշակոյթի, արդի ճարտարագիտութեան եւ արհեստական բանականութեան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու գործարարներուն միջեւ հանդիպումներ կատարել, «այդպիսով մեր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման 60-ամեակը կը պսակենք դէպի լաւ ձգտող միացեալ ջանքով, ինչպէս նաեւ եւրոպական հասարակաց ծրագիրներ ստեղծելով»:
Նախագահը ապա այցելեց Պուլկարիոյ խորհրդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի հայազգի նախագահ Ռայա Նազարեանի հետ եւ արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Եորանքա Ֆրատովքայի հետ:
Նազարեան նշեց, որ նախագահ Աունի այցելութիւնը երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները յառաջ պիտի մղէ եւ խորացնէ երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները:
Ան նշեց, որ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ յարաբերութիւնները հաստատուած են 2000 թուականէն առաջ, «եւ ես պատրաստ եմ զանոնք վերակենդանացնելու եւ հանդիպում ունենալու Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Կը մաղթեմ, որ անոր կը փոխանցէք Սոֆիա այցելելու հրաւէրս»:
Նազարեան ըսաւ, որ կը զօրակցի Պէյրութ-Սոֆիա օդային ուղղակի կապի վերականգնման` ողջունելով 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառ դարձած Ամոնիոմ Նայթրէյթը փոխադրած նաւու սեփականատէրի հարցաքննութեան մէջ գործակցութիւնը:
Ան ըսաւ, որ լիբանանեան արդարադատական իշխանութիւնները կրնան առցանց մասնակցիլ հետաքննութեան եւ ստանալ իրենց ուզած տեղեկութիւնները` հասնելու համար ամբողջական ճշմարտութեան, եւ այս առումով լիբանանեան արդարադատութեան դիմումները պիտի բաւարարուին:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ երեկոյեան աւարտեց Պուլկարիա իր այցելութիւնը եւ վերադարձաւ Պէյրութ:


