Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչի 6-րդ Թրիփըլ-Տապըլը. Քլիվլենտ 12 Յաջորդական Կէտերով Աւարտեց Շիքակոյի Դէմ Յաղթանակը (122-128)

November 10, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«էն.Պի.Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ երէկ առաւօտեան ժամերուն 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց 117-100 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինտիանա Փէյսըրզը:

Տենվըրի 7-րդ յաղթանակին (9 մրցումներու ընթացքին) մէջ մեծ դեր ունէր Նիքոլա Եոքիչ,  որ 32 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 14 էսիսթ ձեռք ձգելով կատարեց տարեշրջանի իր 6-րդ թրիփըլ-տապըլը: Արոն Նեսմիթ 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ինտիանայի, բայց Փէյսըրզ իր 8-րդ պարտութիւնը կրեց:

Քլիվլենտ Քեվելիրզ մրցումի առաջին բաժինը հանգիստ ձեւով զիջած էր Շիքակօ Պուլզի դէմ, որ 19 կէտ առաւելութիւն ունէր: Տոնավըն Միչել 8 կէտ նշանակեց մրցումի վերջին 65 երկվայրկեաններուն, որոնց կարգին կողով մը 34 երկվայրկեան մնացած` յաղթելով Պուլզին:

Պուլզ 122-116 արդիւնքով յառաջացաւ մրցումի աւարտէն 1,47 վայրկեան առաջ, բայց Միչել «հանգիստ» չմնաց:

Միչել 29 կէտ նշանակեց, մինչ Տէանտրէ Հանթըր (29 կէտ) եւ Էվըն Մոպլի (24 կէտ եւ 8 ռիպաունտ) եղան հիմնական աստղերը` Քլիվլենտը առաջնորդելով 4-րդ յաջորդական յաղթանակի:

Այզաք Օքորօ 19 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պուլզի, որ իր վերջին 4 մրցումներուն 3-րդ պարտութիւնը կրեց` 5 յաջորդական յաղթանակներով սկսելէ ետք տարեշրջանը:

Աթլանթա Հոքս առանց իր հիմնական հինգ մարզիկներուն կրցաւ 122-102 արդիւնքով յաղթել Լոս Անճելըս Լէյքըրզին, որ մրցումի ընթացքին միայն 2 անգամ 1 կէտով անցաւ Հոքսին:

Լուքա Տոնչիչ 22 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց,  մինչ Լըպրոն Ճէյմսի զաւակը` Պրոնի 9 կէտ նշանակեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ 10 մրցումներու ընթացքին կրեց իր 3-րդ պարտութիւնը:

Մոհամետ Կէյէ (Սենեկալ), 21 կէտ նշանակեց Աթլանթայի հաշուոյն: Տալաս Մեւրիքս այս տարեշրջանին իր առաջին մրցումը յաղթեց դաշտէն դուրս` 111-105 արդիւնքով յաղթանակէ մը ետք Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դաշտին վրայ:

Նաժի Մարշալ 30 կէտ նշանակեց եւ Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն կարեւոր 8 կէտեր նշանակեց մրցումի վերջին 5 վայրկեաններուն` վերջ դնելով յաջորդական 4 պարտութիւններու շարքին:

Թայրիս Մեքսի (31 կէտ) եւ Ժոել Էմպիիտ (29 կէտ) միասնաբար 60 կէտեր նշանակեցին եւ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 130-120 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզին, դժուար մրցումէ մը ետք:

Թրենտըն Ուաթֆորտ 20 կէտ, 17 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի, որ անցեալ տարեշրջանին իր 4 ճակատումներուն ալ պարտուած էր Թորոնթոյէն:

Ար. Ճէյ. Պերըթ եւ Էմմանուէլ Քուիքլի 22-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Թորոնթոյի, որ 4 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրած էր:

Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆինիքս Սանզ –  Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 114-103
Ինտիանա Փէյսըրզ –  Տենվըր Նակեթց 100-117
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 119-126
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ  – Մայեմի Հիթ 131-136
Շիքակօ Պուլզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 122-128
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Աթլանթա Հոքս 102-122
Թորոնթօ Ռեփթըրզ –  Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 120-130
Տալաս Մեւրիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 111-105

 

Նախորդը

Հպանցիկ Ակնարկ` Մեր Եկեղեցւոյ Դէմ. Սադրանքներու Պատմութեան Վրայ – Ա.

Յաջորդը

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ Մնաց Անյաղթ, Բայց Կորսնցուց Յաղթանակներու Շարքը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.