Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղազախստան Միացաւ Աբրահամեան Համաձայնագիրներուն

November 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ Ղազախստան միացած է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ Արբահամեան համաձայնագիրներուն, եւ խոստացաւ շուտով յայտարարել պաշտօնական ստորագրման արարողութեան մասին:

«Ղազախստանը իմ երկրորդ նստաշրջանի ընթացքին առաջին երկիրն է, որ միացած է Աբրահամեան համաձայնագիրներուն` շատերէն առաջինը: Ասիկա նշանակալի քայլ է ամբողջ աշխարհի վրայ կամուրջներ կառուցելու գործին մէջ», «ԹրութՍոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրած է Թրամփ:

Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուցած է, թէ հետզհետէ աւելի երկիրներ կը ձգտին ստորագրել Աբրահամեան համաձայնագիրները, որոնք, իրեն համաձայն, խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում պիտի բերեն:

Աբրահամեան համաձայնագիրները ստորագրուած են 2020 թուականին Իսրայէլի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Մարոքի միջեւ` Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ:

Սուտանը 2021-ին միացած է համաձայնագիրներուն, անոր յաջորդած է Եգիպտոսը: Յորդանանը չէ միացած համաձայնագիրներուն:

Ղազախստանի կառավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Բնական ու տրամաբանական է, որ միանանք Աբրահամեան համաձայնագիրներուն»:

«Աբրահամեան համաձայնագիրներուն մեր սպասուող միացումը բնական ու տրամաբանական շարունակութիւնն է ղազախական արտաքին քաղաքականութեան ուղղութեան, որ հիմնուած է երկխօսութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ շրջանային կայունութեան վրայ», իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց ղազախական կառավարութիւնը:

Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութեան Աբրահամեան համաձայնագիրներուն միանալը մեծապէս խորհրդանշական քայլ է, որովհետեւ ան արդէն իսկ Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունի:

 

Նախորդը

Ուզպեքիստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Հազուագիւտ Մետաղներու Վերաբերեալ Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են

Յաջորդը

Թրամփ. «Իրան Խնդրեց, Որ Ջնջենք Անոր Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները, Եւ Ես Դրական Տրամադրուած Եմ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.