Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայերն Միւնիխ Եւ Լիվըրփուլ Շատ Կարեւոր Յաղթանակներ Տարին

November 6, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Չեմփիընզ լիկ»-ի 4-րդ շաբթուան առաջին օրուան մրցումներուն շատ հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան Փարիզի եւ Լիվըրփուլի մէջ:

«Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն կը հիւրընկալէր Պայերն Միւնիխը, որ այս տարեշրջանի իր 15 մրցումներուն ալ յաղթած էր, մինչ ֆրանսական ակումբը ունէր պալոն տ՛օրի մրցանակակիր Ուսման Տեմպելէն, աշխարհի լաւագոյն երկու ծայրի պաշտպաններէն Աշրաֆ Հաքիմին ու Նունօ Մենտեշը եւ միջնապահ Վիթինիան:

«Աւարտականի համ» ունեցող այս մրցումին, Փարիզի կեդրոնի պաշտպանողական դիրքը շատ լաւ վիճակի մէջ չէր, եւ Պայերն մրցումի առաջին կէս ժամուն օգտուեցաւ երկու պզտիկ սխալներէ եւ նշանակեց 2 կոլ` քոլոմպիացի Լուիս Տիասի միջոցով: Պայերն բարձր ճնշում կը բանեցնէր ֆրանսական պաշտպանողականին վրայ` ստիպելով սխալներ գործել:

22-րդ վայրկեանին Տեմպելէ կոլ մը նշանակած էր, բայց ՎԱՐ-ը չէր վաւերացուցած զայն օֆ-սայտի պատճառով: Տեմպելէ, որ վերջերս վիրաւոր էր, ըստ երեւոյթին անգամ մը եւս վիրաւորուելով փոխարինուեցաւ:

Կիսախաղէն քիչ առաջ, Պայերնի ամէնէն աշխուժ մարզիկներէն Լուիս Տիաս թաքըլ մը կատարեց մարոքցի Հաքիմիի վրայ եւ դեղին քարտ մը ստացաւ: Հաքիմի չկրցաւ շարունակել մրցումը, եւ ֆրանսական ճնշումներով իրաւարարը ուղղուեցաւ դաշտին կեդրոնը դատելու, թէ թաքըլը որքա՛ն լուրջ էր: Կրկնութիւնները փաստեցին, որ քոլոմպիացի մարզիկը Հաքիմիին լուրջ վնաս հասցնելու նպատակով չէ, որ ոտքերը երկարած էր, բայց ըստ իրաւարարին, որովհետեւ այդ մէկը պատճառ դարձաւ, որ Հաքիմի վիրաւորուի, պէտք էր պատժել Տիասը, որ… վտարուեցաւ դաշտէն:

Բ. կիսախաղին բնական էր, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի ճնշէր, եւ Պայերն պիտի դիմէր հակայարձակողական խաղաոճի: Վեթերան բերդապահ Մանուէլ Նոյըր շատ լաւ ձեւով կրցաւ զսպել Սեն Ժերմենի տեսակաւոր հարուածները եւ միայն 1 առիթով ձախողեցաւ զսպել փորթուգալցի Ժոաօ Նեւեշի գլխու հարուածը 74-րդ վայրկեանին, որ նշանակեց Փարիզի միակ կոլը: Այս ձեւով Պայերն Միւնիխ տարեշրջանի իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց:

Էնֆիլտի մէջ, Լիվըրփուլ բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ եւ կարծէք Առնէ Սլոթ վերջապէս կրցաւ լաւ ձեւով ընտրել 11 հիմնական մարզիկները, որոնք իսկական խումբի նման գեղեցիկ ելոյթ ունեցան «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան լաւագոյն ակումբին` Ռէալ Մատրիտի դէմ:

Հակառակ գնդակին աւելի իշխելուն, Ռէալ Մատրիտ չկրցաւ լաւ ձեւով զսպել կեդրոնը` յառաջապահ գիծին հետ, շատ հաւանաբար Լիվըրփուլի ճնշումին ալ պատճառով:

Օրուան հերոս Թիպօ Քուրթուա մօտ 8-9 ստոյգ կոլերէ փրկեց Ռէալ Մատրիտի բերդը, որ 61-րդ վայրկեանին ինկաւ, երբ հունգարացի Սուպոսլայի օդէն փոխանցումը կոլի վերածեց արժանթինցի միջնապահ Ալեքսիս Մաքալիսթըր գլխու անզսպելի հարուածով:

Եւրոպայի այժմու լաւագոյն ակումբներէն Արսենալ, որ պիտի ըլլայ Պայերն Միւնիխի յաջորդ մրցակիցը, 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Չեխիայէն` պարտութեան մատնելէ ետք Սլաւիա Փրական:

Սաքա եւ Միքել Մերինօ (2) նշանակեցին Արսենալի երեք կոլերը` գրեթէ միակողմանի խաղէ ետք:

Արսենալ Պայերնի նման իր 4 մրցումները ալ յաղթած է, եւ ասիկա պիտի ըլլայ քննութիւն մը եւս, թէ որքանո՛վ լաւ խումբ է գերմանական ակումբը` 16 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելով: Արսենալ – Պայերն Միւնիխ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ 26 նոյեմբերին` Լոնտոնի մէջ:

Ստորեւ` արդիւնքները.

Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պայերն Միւնիխ 1-2
Լիվըրփուլ – Ռէալ Մատրիտ 1-0
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Սենթ Ժիլուազ 3-1
Եուվենթուս – Սփորթինկ Լիզպոն 1-1
Օլիմփիաքոս – ՓՍՎ Այնտհովըն 1-1
Թոթենհամ – Ֆ. Ք. Քոփենհակըն 4-0
Պոտօ Կլիմթ – Մոնաքօ 0-1
Սլաւիա Փրակա – Արսենալ 0-3
Նափոլի – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 0-0

Նախորդը

Էն. Պի. Էյ. Օքլահոմայի 8-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Յաջորդը

36 Տարեկան Մխիթարեան` Եւրոպայի Ամէնէն Շատ Վազող Մարզիկներէն

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.