13 տարեկան հայ ճատրակի վարպետ Տիգրան Համբարձումեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան` պատանիներու ախոյեանութեան կայծակնային (պլից) ճատրակի 2025-ի մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Մոնթենեկրոյի մէջ:
Տիգրան Համբարձումեան 8 կէտեր ապահովեց կարելի 9 կէտերէն եւ գերազանցեց ուքրանացի Մաքսիմ Փանքիւը չնչին տարբերութեամբ:
288 մասնակիցներ, որոնք ներկայացան 40 տարբեր երկիրներէ, առանց տարիքի բաժանմունքով (18 տարեկանէն վար) իրենց մասնակցութիւնը բերին այս մրցաշարքին:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Էտկար Հայրապետեան 7,5 կէտ ապահովելով գրաւեց 7-րդ դիրքը:
Մրցաշարքէն առաջ, Տիգրան Համբարձումեան դասուած էր 11-րդ դիրքի վրայ, մինչ թիւ 1 դասուած էր Նիքոլա Ռատովանովիչ, որ մրցաշարքը աւարտեց 9-րդ դիրքի վրայ, 7 կէտեր հաւաքելով:
Նշենք, որ այսօր կը շարունակուի ՖԻՏԷ-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը, որ կը հիւրընկալէ Հնդկաստանը, ուր հայ վարպետներ Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան իրենց Բ. հանգրուանի մրցումները պիտի կատարեն:
Շանթ Սարգսեան պիտի մրցի փերուցի Խորխէ Քորիի դէմ, Գաբրիէլ Սարգսեան` իսրայէլացի Մաքսիմ Ռոտշթայնի դէմ, Հայկ Մարտիրոսեան` ռուս Վլատիսլաւ Արթեմիեւի, իսկ Ռոպերթ` հնդիկ Ռաունաք Սատուանիի դէմ:
Միացեալ Նահանգները ներկայացնող հայ վարպետ Լեւոն Արոնեան պիտի մրցի հնդիկ Ղոշ Արոնիաքի դէմ, իսկ Սամուէլ Սեւեան` Սինկափուրի Ճինկիաօ Թինի դէմ:


