Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանցի Պետական Մեղադրողը Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Մեղքը Ապացուցուած Նկատեց

November 4, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանցի պետական մեղադրողը Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան մեղքը ապացուցուած նկատած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ երէկ շարունակուած դատական նիստի ընթացքին ընդհանուր դատախազի առաջին օգնական Վիուսալ Ալիեւ յայտարարած է, թէ մեղադրեալներուն կը վերագրուին յանցագործութիւններ, որոնք սկսած են գործուիլ 1998 թուականէն մինչեւ 20 սեպտեմբեր 2023:

«Հարցաքննուած են մեղադրեալները, տուժածներն ու վկաները: Իբրեւ մեղադրող կողմ` մենք կը կարծենք, որ մեղադրեալներուն մեղքը հիմնաւորուած է ապացոյցներով», իր մեղադրական ճառին մէջ ըսած է Ալիեւ` ընդգծելով, որ շուրջ մէկ տարի տեւած դատաքննութեան ընթացքին շուրջ 100 նիստ գումարած են:

Վիուսալ Ալիեւ նաեւ յայտարարած է, թէ մեղադրեալները անուղղակի մասնակցած են «այն յանցագործութիւններուն, զորս Հայաստանի պետութիւնը գործած է սկսեալ 1998-էն մինչեւ 2023-ի սեպտեմբերը»:

Ազրպէյճան Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը մեղադրէ պատերազմ սկսելու եւ իրականացնելու, ցեղասպանութեան, ահաբեկչութեան, իշխանութեան բռնի գրաւման եւ այլ ծանր յանցագործութիւններու մէջ:

Մեղադրող դատախազը պնդած է, թէ դատարանին առջեւ երէկ կանգնած են բազմաթիւ յանցագործութիւններ գործած անձերէն ընդամէնը մէկ մասը:

«Ազատութիւն» կը նշէ, թէ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ անոնց հետ միասին դատարանին առջեւ կանգնած 15 հայերու համար մեղադրողի պահանջած պատժաչափերուն մասին ազրպէյճանական պետական «Ազերթաճ» գործակալութիւնը առայժմ որեւէ տեղեկութիւն չի հաղորդեր:

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Չկայ Սեւանայ Լիճ, Կայ Գէօյչա Լիճ. Այսօրուան Հայաստանի Տարածքին Մէջ Գրեթէ Բոլոր Տեղանունները Ազրպէյճանական Ծագում Ունին»

Յաջորդը

Ֆինլանտայի Նախագահը Թրամփ-Փութին Հանդիպումին Համար Նոր Թուական Առաջարկած Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.