Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞Վ ԳՏԱԾ Է ՈՍԿԻ ԹԻՒԸ

April 9, 2011
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մենք հեքիաթներուն մէջ հանդիպած ենք հաւիկի, որ կ՛ածէ ոսկի հաւկիթներ… Սակայն` ոսկի թի՞ւ մը: Այս ոսկի թիւը, որ Լէոնարտօ տա Վինչիի կողմէ անուանուած է «աստուածային համեմատութիւն», անշուշտ իսկական ոսկիէ չէ:

Ան հաւասար է 1,618,034-ի եւ գտնուած է եգիպտացիներուն կողմէ, աւելի քան 5000 տարիներ առաջ:

Ան հետագային ուսումնասիրուած է յոյն փիլիսոփայ եւ թուաբանագէտ Պիւթագորասի կողմէ, որուն համար թիւերը ամէն ինչի սկիզբն են:

* * *

Միջին դարերուն որմնադիրները, ատաղձագործները, ապակեգործները ոսկի թիւը գործածած են իբրեւ հիմ` չափելու համար իրենց շինութիւններուն չափն ու ձեւը:

Այս ձեւով, մենք ոսկի թիւին կը հանդիպինք Քէոփսի բուրքին շինութեան մէջ, բազմաթիւ պալատներու, Հնդկաստանի Թաժ Մահալին մէջ, սակայն նաեւ` երաժշտական յօրինումներու մէջ, բազմաթիւ գեղանկարներու մէջ… Սակայն, ասոր կողքին, ամէնէն տարօրինակ երեւոյթը այն է, թէ մենք այս ոսկի թիւին կը հանդիպինք բնութեան մէջ. ծառերու տերեւներուն, մարգրիտներու թերթերուն դասաւորումը, նոյնիսկ մարդկային մարմնին մէջ` պորտէն հեռաւորութիւնը մարմնին տարբեր մասերուն համեմատաբար: Մենք ոչ մէկ գիտական բացատրութիւն ունինք բնութեան այս երեւոյթին նկատմամբ:

 

 

 

 

 

 

Բնութեան պարզ պատահականութի՞ւն, թէ՞ թուաբանական գրեթէ կախարդական հրաշալիք: Այս վէճը կը տեւէ դարերէ ի վեր:

 

ՁԵՌԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

ԹՈՒՂԹԷ ԱՄԱՆՆԵՐ ԵՒ
ԽԱՒԱՔԱՐՏԷ ՆԱՊԱՍՏԱԿՆԵՐ

Զատիկը կը մօտենայ… Դուն կրնաս արդէն սկսիլ պատրաստութիւններդ տեսնելու: Այս շաբթուան աշխատանքին համար, դուն պէտք չունիս աւելորդ թուղթեր կամ խաւաքարտներ գնելու, այլ` գործածել տան մէջ գտնուող նիւթեր:

Ա.- ԹՈՒՂԹԷ ԱՄԱՆԸ

– Պէտք ունիս` սեւ ճերմակ կամ գունաւոր թերթերու էջերու, ճերմակ խէժի, կերպընկալէ ամանի:

– Բացատրութիւն

1.- Ճերմակ խէժը քիչ մը ջուրով խառնէ եւ քսէ թերթի էջի մը վրայ: Էջը կլորակ փաթթէ եւ ապա ամբողջ երկայնքին վրայ ինքն իր վրայ գլորէ:
2.- Նոյն գործողութիւնը կրկնէ` ուրիշ թուղթ մը առնելով, եւ ապա զայն առաջինին ծայրը փակցուր` անոնց երկուքին շուրջ փակցնելով թուղթի կտոր մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

3.- Կերպընկալէ պնակին կեդրոնէն սկսելով այս ծալուած թուղթի կտորները կլոր ձեւով փակցուր` իրարու շուրջ դարձնելով խխունջի մը պատեանին նման: Նոյն ձեւով փակցուր ծալուած թուղթի միւս կտորները, մինչեւ որ հասնիս ամանին ծայրը:
4.- Ձգէ, որ չորնայ: Քանի մը օր ետք թուղթէ ամանը հանէ կերպընկալէ ամանին մէջէն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Բ.- ԽԱՒԱՔԱՐՏԷ ՆԱՊԱՍՏԱԿՆԵՐ


 

 

 

 

 

 

 

– Պէտք ունիս` հաւկիթի խաւաքարտէ տուփերու, թուղթի, բամպակի, սեւ մատիտ ներկի, վարդագոյն մատիտ ներկի:

– Բացատրութիւն

1.- Իւրաքանչիւր նապաստակի համար հաւկիթի տուփին վրայէն կտրէ մէկ խորշ: Կրնաս չափահասէ մը խնդրել, որ քեզի օգնէ:
2.- Թուղթի մը վրայ գծէ եւ կտրէ նապաստակին ականջները: Անոնց մէջի բաժինները վարդագոյն ներկէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

3.- Ականջները եւ բամպակէ պոչիկը փակցուր նապաստակին մարմնին վրայ:
4.- Սեւ ներկով գծէ նապաստակին աչքերը, քիթը եւ պեխերը: Այս նապաստակները կրնաս գործածել զանոնք շարելով թուղթէ ամանին մէջ, գունաւոր հաւկիթներուն միջեւ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս կէտերը իրարու միացնել 1- 106` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել թռուցիկին կապուած թելը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել ձուկի անօթին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նախորդը

ԲԵՄԱԴՐԻՉԸ, ՈՐ ԺԱՊԱՒԷՆ Է ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՑ ՓԱԽՉՈՂՆԵՐԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՂՆԵՐԻ ՄԱՍԻՆ

Յաջորդը

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ» ԱԶԴԱՐԱՐԸ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.