Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց. «Ամերիկան Լիբանանի մէջ կը գործէ այն հիմամբ, թէ կ՛ուզէ խնդիրները լուծել եւ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնել: Ամերիկան այս կը պնդէ, սակայն փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, թէ Ամերիկան ազնիւ միջնորդ մը չէ, այլ յարձակումին հովանաւորը»` աւելցնելով. «Ամերիկան Լիբանանին ոչինչ տուաւ եւ խախտումները կ՛արդարացնէ»:
Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի` լիբանանեան բանակէն իսրայէլեան որեւէ ներթափանցման դէմ դնելու պահանջին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նշեց. «Նախագահ Աունի կեցուածքը ենթադրաբար պէտք է գնահատանքի արժանանայ, սակայն ամերիկացին զայն տարբեր բան նկատեց»:
«Նախագահ Աունի բանակին` իսրայէլեան ներթափանցման դէմ դնելու հրաման տալու կեցուածքը պատասխանատու կեցուածք է, եւ ատոր վրայ կարելի է հիմնուիլ», ըսաւ շէյխ Քասեմ:
«Մեր գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղենք` մեզ մեր կռնակէն չդաշունահարելու եւ իսրայէլեան շահերուն չծառայելու», յայտնեց ան հարց տալով. «Ո՞ւր են Լիբանանի դէմ իսրայէլեան լայնածաւալ յարձակումին վերաբերեալ ձեր յայտարարութիւնները»:
«Մենք ոչ ոքէ հրաման կը ստանանք, եւ այս յարձակումներուն եւ խախտումներուն հետապնդման պատասխանատուութիւնը պետութեան է», նշեց ան:
Շէյխ Քասեմ կառավարութեան կոչ ուղղեց «իր օրակարգին վրայ դնելու բանակին աջակցութեան ծրագիրի մը քննարկումը, որպէսզի բանակը կարենայ դէմ դնել իսրայէլեան յարձակումին»` նշելով. «Ասիկա մեր հողն է, եւ Աստուծոյ կամքով անոր պիտի վերատիրանանք»:
«Լիբանանը իր ուժէն մերկացնելու Իսրայէլի պահանջը «Մեծն Իսրայէլ»-ի ուղղութեամբ քայլ է, եւ զայն պիտի չընդունինք», շեշտեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը` ընդգծելով. «Որեւէ նոր համաձայնութիւն Իսրայէլի անմեղութեան շնորհում է»:


