Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

October 29, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ լիագումար նիստին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան անդրադարձաւ Հայաստան-Ազրպէյճան կապերուն եւ շեշտեց, որ բոլորը կը փափաքին խաղաղութիւն ունենալ, սակայն մնայուն խաղաղութիւնը հիմնուած պէտք է ըլլայ արդարութեան եւ ազնուութեան վրայ, իսկ արդարութիւնը կը պահանջէ, որ բոլոր կողմերուն կենսական շահերը պաշտպանուած եւ յարգուած ըլլան, եւ ասիկա 2 կողմերէն բարի կամք կը պահանջէ:

«Ցաւօք, մենք այդպիսի բարի կամքի նշան չենք տեսներ Ազրպէյճանի կողմէ: Ազրպէյճանը կը շարունակէ զաւթման տակ պահել աւելի քան 200 քառ. քմ տարածք Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն, կը շարունակէ միջամտել Հայաստանի ներքին հարցերուն` տարբեր պահանջներ ներկայացնելով», դիտել տուաւ ան` յիշեցնելով խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան համար Սահմանադրութեան փոփոխութեան ազրպէյճանական պահանջը:

Ան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ օգտագործել «Զանգեզուրի միջանցք» եզրոյթը, որ կը նշանակէ արտատարածքայնութիւն ճամբայ, որով ակնարկութիւն կը կատարուի, որ անիկա պիտի անցնի Հայաստանի տարածքով` կապ ստեղծելով Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ:

«Բացի ատկէ` եկէք չմոռնանք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, եկէք աչք չփակենք ցեղային զտումներու վրայ, ցեղասպանութեան վրայ, որ գործած է Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հանդէպ, այսօր չկայ գէթ մէկ հայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Մարդիկ, որոնք այնտեղ 1000-ամեակներով ապրած են, հիմա ստիպողաբար տեղահանուած են: Արդեօք քաղաքակիրթ Եւրոպան կը պատրաստուի՞  աչք փակել ասոր վրայ: Արդեօք մենք պիտի հանդուրժե՞նք երկակի չափանիշները, թէ՞ պիտի պահանջենք, որ Ազրպէյճանը երաշխաւորէ մարդոց անվտանգ վերադարձը իրենց տուներ: Արժանապատիւ վերադարձ` միջազգային երաշխիքներով եւ անվտանգութեան մեքանիզմներով եւ երաշխաւորէ այդ մարդոց անվտանգութիւնը», շեշտեց Խաչատրեան:

Ան յատկապէս լուսարձակի տակ բերաւ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող տասնեակ հայերուն պարագան` կոչ ուղղելով. «Այս վեհաժողովը պէտք է ձայն բարձրացնէ եւ պահանջէ առանց նախապայմաններու այս բանտարկեալներու ազատ արձակումը, որովհետեւ երբ կ՛ըսենք հասցէագրել խնդիրը` Ազրպէյճանն ալ կ՛ըսէ` ամէն ինչ օրէնքով կ՛ընենք, եւ փակեցէք ձեր աչքերը: Աւելի՛ն, Ազրպէյճանը նաեւ Կարմիր խաչի կոմիտէին դուրս հանած է երկրէն եւ տասնեակ մարդիկ Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ որեւէ կապ չունին արտաքին աշխարհին հետ: Ոչ ոք գիտէ, թէ ի՛նչ կը կատարուի անոնց հետ Պաքուի բանտին մէջ, դուք կրնաք միայն լուսանկարներուն մէջ տեսնել, թէ ի՛նչ տառապանք կ՛երեւի անոնց դէմքէն:

«Այս վեհաժողովը առանց վարանելու պէտք է պահանջէ այդ մարդոց անյապաղ ազատ արձակումը», հաստատեց Արթուր Խաչատրեան:

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ. «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր, Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»

Յաջորդը

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.