«Էն. Պի . Էյ.» ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր յաջորդական 3-րդ մրցումը յաղթանակով աւարտեց 117-100 արդիւնքով` պարտութեան մատնելէ ետք Աթլանթա Հոքսը, վերջինիս դաշտին վրայ:
Չեթ Հոլմկրեն (31 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) եւ Շէյ Կիլճիըս-Ալեքզանտր (30 կէտ) եղան Թանտըրի լաւագոյնները, մինչ գերմանացի Այզիա Հարթընսթին իր կարգին 14 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Աթլանթա Հոքսէն Նիքէյլ Ալեքսանտր- Ուոքըր (17 կէտ) եւ Թրէյ Եանկ (15 կէտ եւ 10 էսիսթ) բարձր մակարդակի ելոյթ չունեցան:
Մեմֆիս Կրիզլիզ օր մը առաջ ծանր պարտութիւն մը կրելէ ետք Մայեմի Հիթէն (114-146), կրցաւ ինքզինք գտնել եւ 128-103 արդիւնքով յաղթեց Ինտիանա Փէյսըրզին:
Սետրիք Քաուըրտ (27 կէտ) եւ Ճա Մըրենթ (19 կէտ) եղան Մեմֆիսի լաւագոյնները, մինչ Պենետիքթ Մաթուրին 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ինտիանայի, որ իր 2-րդ պարտութիւնը կրեց այս տարեշրջանին:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ երկու յաղթանակներէ ետք պարտութիւն մը կրեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն` 139-119 արդիւնքով:
Սթեֆ Քըրրի 35 կէտ նշանակեց, բայց բաւարար չէր: Տենի Աւտիճա (26 կէտ), Ճերեմի Կրենթ (22 կէտ) եւ Թումանի Քամարա (19 կէտ) փայլուն ելոյթ ունեցան ի նպաստ Փորթլենտի:
Հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 128-110 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մինեսիոթա Թիմպըրվուլվզը, ուր Լուքա Տոնչիչ 49 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Օսթըն Ռիվզ աւելցուց 25 կէտ եւ 11 էսիսթ` ի նպաստ Լէյքըրզի: Անթոնի Էտուըրտծ (31 կէտ) եւ Ճուլիըս Ռանտըլ (26 կէտ) եւ Ճուլիըս Ռանտըլ (26 կէտ) իրենց կարելին ըրին, բայց բաւարար չէր յաղթելու Լէյքըրզին, որ իր առաջին մրցումին պարտուելէ ետք կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց առանց Լըպրոն Ճէյմսի:
Շիքակօ Պուլզ տարեշրջանը լաւ սկսաւ` յաղթելով իր երկրորդ մրցումը` Օրլանտօ Մեճիքի դէմ, 110-98 արդիւնքով: Ճոշ Կիտի 21 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պուլզի, մինչ Փաուլօ Պանչերօ 24 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Օրլանտոյի:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.
Միլուոքի Պաքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 122-116
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք 111-107
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Պրուքլին Նեթց 131-124
Նիւ Եորք Նիքս – Պոսթըն Սելթիքս 105-95
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 120-116
Մայեմի Հիթ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 146-114
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 115-111
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Տալաս Մեւրիքս 117-107
Սաքրամենթօ Քինկզ – Եութա Ճեզ 105-104
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 139-119
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 128-110
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆինիքս Սանզ 129-102
ԵՐԷԿ
Շիքակօ Պուլզ – Օրլանտօ Մեճիք 110-98
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 125-121
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Աթլանթա Հոքս 117-100
Տենվըր Նակեթց – Ֆինիքս Սանզ 133-111
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 128-103


