Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսսի Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Ինթեր Մայեմիի Հետ

October 25, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիոնել Մեսսի երկար ամիսներու ձգձգումէ ետք վերջապէս որոշեց երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը Ինթեր Մայեմիի հետ`  հաստատելով, որ ֆութպոլի մեծագոյն աստղերէն մէկը պիտի մնայ Էմ. Էլ. Էս.-էն ներս, երբ Ինթեր Մայեմի յառաջիկայ տարի փոխադրուի իր նոր մարզադաշտը:

Արեւելեան շրջանի 3-րդ դիրքի վրայ դասուած խումբը իր փլէյ-օֆի մրցումներուն կրնայ սկսիլ հանգիստ մտքով, մանաւանդ որ երկարաձգումը եղաւ ճիշդ ժամանակին` Նաշվիլի դէմ մրցումի նախօրեակին:

«Ասիկա ինծի շատ ուրախութիւն պատճառեց, մնալով եւ շարունակելով Մայեմիի հետ:

Երազ ըլլալէ անկախ, այս մէկը դարձաւ գեղեցիկ իրականութիւն` խաղալ այս նորակառոյց դաշտին մէջ` Մայեմիի ազատութեան պարտէզը (Մայեմի Ֆրիտըմ Փարք): Մայեմի հասնելէս ի վեր, շատ ուրախ էի, եւ ուրախ եմ, որ պիտի շարունակեմ մնալ հոս»:

Ինթեր Մայեմի յայտնեց, թէ պայմանագրութեամբ կատարուեցաւ 3 տարուան երկարաձգում, որ կ՛աւարտի 2028-ին: Մեսսիի ստորագրութեան երազը վստահաբար տոմսեր ծախելու յաւելեալ առիթ պիտի ըլլայ, մանաւանդ նոր դաշտին համար, որ Մայեմիի միջազգային օդակայանին մօտ կը գտնուի: Ակումբը արդէն իսկ կը ծախէ տոմսերու հաւաքածոներ, մանաւանդ, որ համակիրներ հիմակուընէ  կ՛ուզեն գրաւել որոշ աթոռներ, եւ մարդիկ նոյնիսկ ամիսներ առաջ ապահոված են աթոռներ` յոյսով, որ Մեսսի վերանորոգէ: Մեսսիի այս որոշումը թէ՛ ակումբին, թէ՛ ալ Էմ. Էլ. Էս.-ին համար շատ լաւ քայլ մըն է, Միացեալ Նահանգներու մէջ, ֆութպոլը աւելի եւս զարգացնելու համար:

38 տարեկան Մեսսի շատ հաւանաբար իր վերջին արհեստավարժ պայմանագրութիւնը ստորագրեց: Իր կեանքի կէսը ապրելէ ետք Պարսելոնայի հետ, ուր 17 տարեկանին սկսած էր 2004-ին: Յուլիս 2023-ին միանալէ ետք Ինթեր Մայեմիի, Մեսսի վերամիացած էր իր նախկին խմբակիցներ Լուիս Սուարէսի, Ժորտի Ալպայի եւ Սերխիօ Պուսքեթցի: Ամիս մը առաջ, Ալպա եւ Պուսքեթց որոշեցին 2025-ի աւարտին լքել ֆութպոլը, բայց Մեսսի պիտի շարունակէ:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Օքալհոմա 2-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց Երկարաձգման

Յաջորդը

Էմ. Էմ. Էյ. Ժորա Այվազեան Նաք-Աութով Յաղթեց

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.