Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

October 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին ամիսներուն կը փորձէ ճնշում բանեցնել Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին վրայ` ստիպելով զայն հրաժարական տալու, այդպիսով խախտելով Հայաստանի սահմանադրութիւնը, որ կ՛արգիլէ պետական պաշտօնատարներուն միջամուխ ըլլալ Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն:

Երբ կաթողիկոսը մերժեց հրաժարական տալ, Փաշինեան գտաւ զայն հեռացնելու այլ միջոց մը` օրինականութեան քողին տակ: Ան այժմ յառաջ կը քշէ կեղծ պատրուակ, թէ կաթողիկոսը խախտած է Հայաստանի օրէնքը` հոգեւորականներուն կոչ ուղղելով մասնակցիլ հակափաշինեանական բողոքի ցոյցի: Սակայն այս մէկը չի կրնար յանցագործութիւն նկատուիլ, ընդհակառակը, ասիկա  պաշտպանուած խօսքի ազատութիւն է, որ ժողովրդավարութեան հիմնասիւներէն մէկն է:

Վերջերս Փաշինեան խորհրդարանին մէջ յոխորտաց, թէ քանի որ ժողովուրդը չ՛ապստամբիր իր քաղաքականութեան դէմ, ուրեմն համաձայն է իրեն: Իրականութեան մէջ Հայաստանի մէջ անոնք, որոնք կը բողոքեն կամ կը հակադարձեն անոր, կ՛արձակուին իրենց աշխատանքէն, կը ձերբակալուին եւ կը բանտարկուին, իսկ սփիւռքի ընդդիմախօսներուն Հայաստան մուտքը կ՛արգիլուի:  Փաշինեան նախ կը լռեցնէ զանոնք, ապա կը յայտարարէ, թէ ժողովուրդը կ՛աջակցի իրեն: Ա՛յս է այն «ժողովրդավարութիւնը», որ ան բերած է Հայաստան:

Փաշինեան կը մոռնայ, որ հայ ժողովուրդին աւելի քան 90 տոկոսը` թէ՛ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ, Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդ է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ եկեղեցւոյ միլիոնաւոր աջակիցները մեծապէս կը գերազանցեն անոր նուազող աջակիցներուն թիւը:

Վերջին ամիսներուն Փաշինեան հրամայած է ձերբակալել երկու արքեպիսկոպոսներ, բարերար Սամուէլ Կարապետեանն ու քանի մը այլ անձեր` կեղծ մեղադրանքներով: Այս ամսուան սկիզբը Միքայէլ արք. Աջապահեան դատապարտուեցաւ երկու տարուան բանտարկութեան` յեղաշրջման կոչ ուղղելու մեղադրանքով: Նախորդ շաբաթ Փաշինեան ձերբակալեց նաեւ Արագածոտնի թեմի առաջնորդ, կաթողիկոսին զարմիկ Մկրտիչ եպս. Պռօշեանը, ինչպէս նաեւ տասնեակ հոգեւորականներ եւ աշխատակիցներ` եկեղեցական գոյքի եւ անոնց տուներու խուզարկութիւններէն ետք: Մեղադրանքը հիմնուած էր դժգոհ հոգեւորականի մը յայտարարութեան վրայ, իբր թէ եպիսկոպոսը կոչ ուղղած է իրեն մասնակցելու 2021-ին Փաշինեանի դէմ կազմակերպուած հանրահաւաքին: Այս ձերբակալութիւններուն նպատակն է վախցնել ուրիշները, որպէսզի անոնք ալ չյանդգնին ընդդիմանալ Փաշինեանին:

Հայ առաքելական եկեղեցին դատապարտեց նախորդ շաբաթուան ապօրինի ձերբակալութիւնները` կառավարութեան գործողութիւնները որակելով որպէս «բռնաճնշումներ Հայոց եկեղեցու դէմ» եւ զանոնք բաղդատելով «բնորոշ ամբողջատիրական համակարգերու» հետ: Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու երեք առաջնորդները միացեալ յայտարարութեամբ քննադատեցին Հայաստանի կառավարութիւնը` եպիսկոպոս Պռօշեանի ձերբակալման համար եւ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին կաթողիկոսին:

Յառաջիկայ տարուան յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին վարչապետը բացայայտօրէն կը փորձէ վերացնել հնարաւոր մրցակիցները եւ մաքրել քաղաքական դաշտը հակառակորդներէն:

Հայաստանի մէջ դատարանները անկախ չեն կառավարութենէն, դատաւորները կը գործադրեն Փաշինեանի հրահանգները: Պէտք չէ մոռնալ, որ 2018 թուականին իշխանութեան գալէն ետք Փաշինեան ամբարտաւանօրէն յայտարարեց. «Կա՞յ տենց դատաւոր, որ իմ ասածը չանի»:

Վատթարացնելով իրավիճակը` Փաշինեանի շրջապատը կոչ ուղղեց կառավարութեան` ձերբակալելու Ռոպըրթ Ամսթըրտամը` Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող յայտնի միջազգային փաստաբանը, որ Հայաստան կը գտնուի Սամուէլ Կարապետեանը պաշտպանելու համար: Ամսթըրտամ յայտարարեց. «Մենք պիտի շարունակենք մեր յարձակումները Հայաստանի վրայ, մինչեւ որ ազատ արձակուի Սամուէլ Կարապետեանը»: Աւելի ուշ ան պարզաբանեց, որ խօսքը  միջազգային իրաւական եւ քաղաքական ճնշման մասին է, եւ ոչ` ֆիզիքական գործողութիւններու: Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի կառավարութիւնը նախորդ շաբաթ ձերբակալեց Ալեքսանտր Քոչուպայեւը` բանտարկուած Բագրատ արք. Գալստանեանի փաստաբանը` դատական համակարգը քննադատելուն համար: Իրաւաբաններու միջազգային յանձնաժողովը խստօրէն դատապարտեց անոր ձերբակալութիւնը:

Կառավարութեան հակաեկեղեցական գործողութիւնները, կարծես, նախերգանք են կաթողիկոսին դէմ քրէական մեղադրանքներ առաջադրելու` զայն աւելի հլու հնազանդ հոգեւորականով փոխարինելու համար: Միեւնոյն ժամանակ ազրպէյճանցիները կ՛ողջունեն բարձրաստիճան հայ հոգեւորականներու ձերբակալութիւնները` զանոնք կոչելով «վրէժխնդիրներ»: Ազրպէյճանական յարձակումները Հայոց եկեղեցու վրայ կը գլխաւորէ Ազրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն:

Վարչապետ Փաշինեանին պատկանող «Հայկական ժամանակ» թերթը նախորդ շաբաթ հրապարակեց 2023 թուականի հեռաձայնային զրոյցի մը ձայնագրութիւնը` կաթողիկոսին նախկին գաւազանակիրին եւ Նաթան արք. Յովհաննիսեանի միջեւ, որ կը քննարկուի կաթողիկոսին կողմէ հոգեւորականներուն վրայ գործադրուած ենթադրեալ ճնշումը` մասնակցելու Փաշինեանի դէմ կազմակերպուած հանրահաւաքին:

Այդ ձայնագրութեան հրապարակումէն ետք կառավարութեան քննչական կոմիտէն յայտարարեց, որ յարուցուած է «քրէական վարոյթ»:

Կ՛ուզեմ երկու դիտարկում կատարել.

1.- Քանի որ այս հեռախօսի զրոյցը ձայնագրուած է 2023 թուականին, ինչո՞ւ կառավարութիւնը զայն երկու տարի պահած է եւ միայն հիմա անիկա կը հրապարակուի:  Պատասխանը պարզ է` սպասած է ամենայարմար պահուն` հեռաձայնային զրոյցը օգտագործելու կաթողիկոսին դէմ իբրեւ ապացոյց:

2.- Ոեւէ մէկուն հեռաձայնային զրոյցը գաղտնօրէն ձայնագրելը անօրինական է: Ես տեղեակ չեմ որեւէ դատարանի որոշման մասին:

Եթէ մօտիկ ապագային կաթողիկոսը ձերբակալուի եւ բանտարկուի, արդեօք Հայաստանի ժողովուրդը վերջապէս պիտի արթննա՞յ եւ պիտի պաշտպանէ՞ Եկեղեցին, թէ՞ պիտի մնայ իր ինքնակամ մահաքունին մէջ:

Անոնք, որոնք կոչ կ՛ուղղեն հայերուն ձեռնպահ մնալու որեւէ գործողութենէ եւ սպասելու յաջորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն, կը վտանգեն Հայաստանի գոյութիւնը:

Բոլոր անոնք, որոնք այժմ կը խախտեն օրէնքները եւ հակահայ գործունէութիւն կը տանին, պէտք է քրէական պատասխանատուութեան ենթարկուին եւ պատժուին Հայաստանի յաջորդ հայրենասէր կառավարութեան կողմէ:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Յաջորդը

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.