Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

October 18, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օգտուելով ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան ատենապետ Սամ Կարապետեանի Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` Նորվեկիոյ մէջ կազմակերպած ծրագիրին մասնակցութեան առիթէն, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակ մը յղեց Նորվեկիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի եւ Նորվեկիական Քրիստոնէական-ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Եոնաս Սայետին:

Հայ դատի մարմինը նորվեկիացի երեսփոխանին ուշադրութեան յանձնեց, որ 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած Հայաստան-Ազրպէյճան համաձայնագիրին իբրեւ նպատակ կը նշուի «արդար, համապարփակ եւ տեւական խաղաղութիւն»-ը, սակայն նշեալ համաձայնագիրը ո՛չ արդար է, ո՛չ ալ համապարփակ, որովհետեւ կ՛անտեսէ իսկական խաղաղութեան համար խիստ կարեւոր հարցեր` Արցախի հայ ժողովուրդի միջազգային օրէնքով ամրագրուած տունդարձի իրաւունքը, Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու ազատ արձակումը, Հայաստանի Հանրապետութենէն տարածքներ բռնագրաւած ազրպէյճանական ուժերու հեռացումը եւ Արցախի մէջ հայկական ազգային ու քրիստոնէական ժառանգութեան դէմ գործուող մշակութային ցեղասպանութեան դադրեցումը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երեսփոխան Սայետին, անոր կուսակցութեան եւ Նորվեկիոյ խորհրդարանին կոչ ուղղեց` գործնական աշխատանք տանելու` իսկական խաղաղութեան եւ «արդար ու համապարփակ» համաձայնութեան մը համար կենսական եղող նշեալ մարդկային իրաւանց կարեւոր հարցերու լուծման համար:

Նամակին կողքին նորվեկիացի երեսփոխանին յանձնուեցաւ Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներու նախաձեռնութեամբ եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան աջակցութեամբ հրատարակուած «Արցախ. Վտանգուած Ժառանգութիւն» եռալեզու պատկերագիրքի առաջին հատորէն օրինակ մը:

 

Նախորդը

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.