Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

October 18, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է իր գործիքները ներդրելու ոչ միայն «Թրամփի ուղի» նախագիծի, այլ նաեւ ամբողջ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ կապակցուածութիւնը խթանելու համար:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Սիւնիքի մարզին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս` խօսելով Ուաշինկթընի մէջ 8 օգոստոսին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու ստորագրած փաստաթուղթերու մասին:

«Իրադարձութիւնները եւ հանդիպումները, որոնք 8 օգոստոսին եղան Ուաշինկթընի մէջ, Եւրոպական Միութեան կողմէ ողջունուած են, եւ մենք այդ օրուընէ ի վեր պատրաստակամութիւն յայտնած ենք աջակցելու այդ նախաձեռնութիւններուն եւ կապակցուածութեան:

«Մենք պատրաստ ենք մեր գործիքները ներդրելու ոչ միայն «Թրամփի ուղի» նախագիծի ծիրին մէջ, այլ նաեւ ամբողջ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, որ ողջունուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ տակաւին երկու տարի առաջ, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը ատոր մասին յայտարարեց», ըսած է Մարակոս:

Դեսպանը աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը հետեւողականօրէն կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան:

«Մենք շատ երջանիկ ենք, որ խաղաղութիւնը կու գայ: Շատ մանրամասնութիւններ տակաւին պէտք է պարզաբանուին, սակայն մենք այստեղ ենք` իբրեւ Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի կառավարութեան յուսալի գործընկերներ, որպէսզի այս գործընթացին մէջ ձեզի սատարենք», նշած է Մարակոս:

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Յաջորդը

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

RelatedPosts

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
Ալիեւ Հայերը Դարձեալ Կը Մեղադրէ  Արցախի Մէջ «Քանդումներ Կատարելու» Յանցանքով
Հայկական

Ալիեւ Հայերը Դարձեալ Կը Մեղադրէ Արցախի Մէջ «Քանդումներ Կատարելու» Յանցանքով

November 9, 2026
Զախարովա. «Ալեն Սիմոնեանի Ռուսիոյ Հասցէին  Մեղադրանքները Կը Խեղաթիւրեն Ճշմարտութիւնը»
Հայկական

Զախարովա. «Ալեն Սիմոնեանի Ռուսիոյ Հասցէին Մեղադրանքները Կը Խեղաթիւրեն Ճշմարտութիւնը»

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.