Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

October 17, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քոնկրեսի «Փիս Էքթ»-ին առնչութեամբ Հայ դատի դիրքորոշումը նենգափոխուած ձեւով  կը մեկնաբանուի եւ շրջանառութեան մէջ կը դրուի, յատկապէս հայաստանեան լրատուադաշտին մէջ Հայ դատի համակարգը հարուածելու նպատակով: Արձանագրենք, որ կայ հետեւողական վարքագիծ վարկազրկելու Հայ դատի աշխատանքները` զանոնք ներկայացնելով իբր թէ հակապետական աշխատանքներ:

Անկախ անկէ, որ Հայ դատ հասկացողութիւնը այսօր կը ներկայացուի իբրեւ ժամանակավրէպ, առաւելապաշտ եւ «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան հակադրուած հայեցակարգ եւ համակարգ, կայ ծրագրուած եւ պետական մակարդակի վրայ կիրարկուող քաղաքականութիւն` իբր թէ շեշտելու Հայ դատի հակապետականութիւնը`  ոչ միայն հայրենիքի մէջ, այլ նաեւ հիմա սփիւռքի տարածքին տարհամոզելու հասարակութիւնը: Մինչդեռ պետութեան բացակայութեան ամբողջ տասնամեակներուն պարզ է, թէ Հայ դատն է, որ իր կառուցակարգով կիրարկած է բացակայող պետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը, յատկապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման առաջադրանքներուն առումով: Հիմա` պետութեան  ներկայութեան ժամանակահատուածին, Հայ դատը կը շարունակէ իր վրայ վերցնել այն բոլոր գործառոյթները, որոնք սկզբունքով պէտք է իրականացնէր հայկական դիւանագիտութիւնը:

Առանց խորանալու իրաւական մանրամասնութիւններուն մէջ, բացատրենք նենգափոխումի հիմնական առանցքը: «Փիս Էքթ»-ը կը խօսի ազրպէյճանական ուժանիւթային կեդրոններու դէմ կիրարկելի պատժամիջոցներու մասին, եթէ Ազրպէյճան խախտէ համաձայնութիւնները եւ դիմէ յարձակումի:

Խնդիրը այն է, որ Միացեալ Նահանգներ կը խօսին հետագային կատարուելիք խախտումներուն մասին եւ միայն այդ պարագային կը սպառնան պատժամիջոցներ կիրարկել: Այս` պարզ տրամաբանութեամբ, կը նշանակէ, որ ուաշինկթընեան հռչակագիրին առիթով Ազրպէյճանի նկատմամբ ամերիկեան օժանդակութեան կրճատումի արգելքի վերացումէն ետք հիմա կը յուշուի, որ եթէ ամերիկեան երաշխաւորութեամբ կայացած համաձայնութիւնները խախտէ Պաքուն, ապա իրեն կը սպասեն նոր պատժամիջոցներ:

Ական կայ այստեղ անշո՛ւշտ: Բանաձեւի պատժամիջոցներ կիրարկելու  եւ Պաքուն զսպելու կանխազգուշացումը հասկնալի է: Բայց երբ կը խօսուի միայն յառաջիկային կայանալիքներուն մասին, կը ջնջուի ամբողջ թղթածրար մը, որ լի է ռազմական յանցագործութիւններով, ցեղային զտումներով, ցեղասպանական քաղաքականութեամբ, շրջափակումով, սովամահութեան դէպքերով, յարձակողապաշտութեամբ եւ մշակութային ջարդերով:

Նման օրինագիծ մը` զգուշացնելու կամ կանխարգիլելու տեսքով, ըստ էութեան կը ջնջէ նախորդ ամէն տեսակի յանցագործութիւնները, պատասխանատուութենէն դուրս կը բերէ յանցագործը: Այլ խօսքով, կը փակէ Արցախի էջը:

Թէկուզ ոչ լիարժէք առումով, այդուհանդերձ տակաւին հասկնալի կ՛ըլլար, եթէ յառաջիկայ յարձակողապաշտութիւնը զսպելու կոչուած այս օրինագիծը կոչ ուղղած ըլլար Պաքուին` իր զօրքերը անմիջապէս հեռացնելու հայաստանեան գերիշխան տարածքներէն, անմիջապէս ազատ արձակելու իր մօտ պահուող ռազմագերիներն ու պատանդները եւ դադրեցնելու հոգեւոր-մշակութային կոթողներու սպանդը:

Երբ չկան այս հիմնադրոյթները, կ՛օրինականանան նաեւ այդ բոլորը եւ յանցանք կը նկատուին միայն յառաջիկայի յարձակողական քայլերը:

Այս բոլորն է, որ Հայ դատը կը փոխանցէ: Ոչ թէ դէմ է Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութեան զսպումի փորձին եւ նման քայլի պարագային պատժամիջոցներ կիրարկելու, այլ դէմ է այս ձեւով հետագային հաւանական յարձակումներուն դիմաց պատժամիջոցներ գործադրելու խոստումով ըստ էութեան Արցախի էջը փակելուն:

Արցախի էջը չէ փակուած: Հայ դատի աշխատանքները կը շարունակուին. հակառակ` այս համակարգին դէմ բացուած համազարկին, եւ հակառակ Արցախի հակամարտութիւնը այս ձեւով փակելու մեծ քաղաքականութեան:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

RelatedPosts

Խմբագրական.  44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. 44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը

September 28, 2026
6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին
Գլխաւոր լուրեր

6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին

September 28, 2026
Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.