Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մըթրի. «Երէկ Տեղի Ունեցած Խախտումը Մեզ Կը Հրաւիրէ Որդեգրելու Անհրաժեշտ Իրաւական Քայլերը` Պահպանելու Համար Պետութեան Վարկն Ու Անոր Որոշումներուն Յարգումը»

September 27, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ Քրայթեմի իր տան մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Թարեք Մըթրին, նախարարներ Ղասսան Սալամէն, Շարլ Հաժը, Քամալ Շհատէն, երեսփոխաններ Մարուան Համատէն, Սամի Ժեմայէլը, Իպրահիմ Մնայմնէն, Մարք Տաուը, Ուալիտ Պաարինին, Ֆիրաս Համտանը, Միշել Մուաուատը, Ատիպ Ապտելմասիհը եւ Միշել Տուէյհին, ինչպէս նաեւ արաբական ցեղախումբերու համախմբումի պետ Պատր Ապիտը:

Նշենք, որ վարչապետը Ռաուշէի Ժայռի լուսաւորումէն ետք ջնջած էր երէկ նախատեսուած իր բոլոր ժամադրութիւնները:

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Այցելեցի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի, եւ ան ինծի յայտնեց, որ հրաժարելու կամ ինքզինք աշխատանքէ զանց կացուցելու մասին չի մտածեր, այլ կառավարութեան աշխատանքը վերատեսութեան կ՛ենթարկէ` զայն ճշգրտելու եւ ամրապնդելու համար»:

«Լեպանոն Տիպէյթ» հաղորդեց, որ ըստ մամլոյ տեղեկութիւններու, վարչապետը իր այցելուներուն ըսած է. «Ես ինքզինքս աշխատանքէ զանց չկացուցեցի եւ չհրաժարեցայ, այլ այսօրուան ժամադրութիւններս ջնջեցի միայն երէկ տեղի ունեցածով զբաղելու եւ հետագայ քայլերը քննարկելու համար»:

Սալամ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին ներքին գործոց, արդարադատութեան եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ գումարեց ժողով մը, ապա ժամը 4:00-ին` նախարարական խորհրդակցական հանդիպում մը:

Փոխվարչապետ Մըթրի ժողովէն ետք յայտնեց. «Երէկ տեղի ունեցած խախտումը մեզ կը հրաւիրէ որդեգրելու անհրաժեշտ իրաւական քայլերը` պահպանելու համար պետութեան վարկն ու անոր որոշումներուն յարգումը»:

«Կառավարութիւնը նախանձախնդիր է երկրի կայունութեան, սադրանքի եւ ատելութեան արշաւներուն վերջ տալուն», ըսաւ ան:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Ալի Ամմար յայտնեց. «Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի Ռաուշէի մէջ տեղի ունեցածին դէմ իբրեւ բողոք ինքզինք աշխատանքէ զանց կացուցելը ժխտական կեցուածք կը նկատուի»:

Ան խօսքը վարչապետին ուղղելով ըսաւ. «Դուն ամբողջ Լիբանանի վարչապետն ես, դուն այս երկրին գերիշխանութեան պատասխանատուն ես»:

«Թշնամին կը շարունակէ Լիբանանի տարածքին իր յարձակումը, եւ ոմանք թիւր կերպով կը կարծեն, թէ Հըզպալլայի չհակադարձելը տկարութենէ եւ անկարողութենէ կը բխի», աւելցուց երեսփոխանը:

 

Նախորդը

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Կը Հրաւիրեմ Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններու»

Յաջորդը

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Միացաւ Վարչապետին Անվստահութիւն Յայտնելու Գործընթացին

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.