Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Թշնամին Եւ Իր Գործակալները

September 23, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Պատմութիւնը վկայած է տարբեր ցեղերու եւ ժողովուրդներու մէջ գտնուած դաւաճաններու մասին, որոնք իրենց ազգին դաւաճանած են` անձնական զանազան տեսակի վարձատրութիւններու դիմաց: Հազուադէպ եղած են ղեկավարութեան մակարդակի դաւաճաններ, որոնք հսկայ վնասներ հասցուցած են իրենց ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

Այսօր ականատես ենք այդ հազուադէպ ղեկավարներուն, որոնք աներեւակայելի ձեւով յանձնուած են թշնամիին: Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ առկայ է անբացատրելի երեւոյթ մը` ղեկավարութեան մակարդակի մանաւանդ, երբ ամէն տեսակի արժանիքներ` ըլլան անոնք աւանդական, պետական ու ազգային, նոյնիսկ` եկեղեցական, թիրախ դարձած են հալածանքի եւ բուռն ցեխարձակումի, նաեւ շատ անգամ քարկոծումի ենթակայ կ՛ըլլան: Աւելի զարմանալի երեւոյթը ժողովուրդին անտարբերութիւնն է. ժողովուրդը, իր կարգին, յանձնուած է ներկայ իրողութեան: «Հոսանքը հզօր է,- կ՛ըսեն,-  եւ անկարելի է դէմ դնել անոր»: Բայց միեւնոյն ժամանակ գերմարդկային ուժը եթէ գոյանայ, միշտ ալ կարելի կը դառնայ հոսանքին ուղղութիւնը փոխել: Այդ ուժը հաւաքական ուժն է ժողովուրդի մը, որ կրնայ ծնունդ տալ  պայքարի ոգիին` հիմք ունենալով գաղափարականութեան եւ ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը: Սոյն ուժը կրնայ անկարելին կարելի դարձնել եւ հսկայ բոցի նման ծածկել ամէն տեսակի մարտահրաւէրներու վրայ, որոնք ազգի մը գոյութիւնը վտանգած են:

Ժողովուրդը տէրն ու տիրականն է երկրին, իսկ ղեկավարութիւնը` ժամանակաւոր պաշտօնավարող մարմին մը, որ ժամը երբ հասնի, պիտի լքէ իր աթոռը եւ մեկնի: Ղեկավար մը կրնայ խաբել ժողովուրդը որոշ ժամանակուան համար, բայց անկարող է սուտը ծածկել երկար ժամանակ: Այս չի նշանակեր, թէ ժողովուրդը երկար պէտք է սպասէ, այլ պէտք է իր խօսքը ըսէ, որքան կարելի է շուտ, որպէսզի առաջքը առնէ վնասին տարողութեան, որովհետեւ անիկա կրնայ շատ ծանրանալ եւ նոյնիսկ ճզմել ամբողջ հայրենիքը:

Ոտքի՛ կանգնէ, ո՛վ հայրենասէր ժողովուրդ, ոտքի՛ կանգնէ եւ տէ՛ր եղիր` քու հայրենիքիդ, քու եկեղեցիիդ, քու ինքնութեանդ, քու արժանիքներուդ եւ քու  իրաւունքներուդ: Ժամանակը հասած է զարթնումի ու պայքարի:

 

 

Նախորդը

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Յունաստանի 87-րդ Շրջանային ժողովի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Փաշինեանի Կառավարութիւնը Ներսէն Կը Քանդէ Հայաստանը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.