Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ ՖԻՆԻՒԼ-ին. Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումները Թիւ 1701 Որոշումի Խախտում Են Եւ Կը Վտանգեն Փխրուն Կայունութիւնը

September 20, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖԻՆԻՒԼ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Երէկ գիշեր հարաւային Լիբանանի մէջ շրջանները թիրախաւորող իսրայէլեան օդային յարձակումները Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին յստակ ու բացայայտ ոտնահարում կը նկատուին եւ ուղղակի սպառնալիք են փխրուն կայունութեան, որ գոյացաւ անցեալ տարուան նոյեմբերին, ինչպէս նաեւ կ՛ականահարեն այս տագնապի խաղաղ լուծման սկսելու կարելիութեան նկատմամբ քաղաքայիններու վստահութիւնը»:

«Խաղաղապահ զինուորները կը շարունակեն աջակցութիւն տրամադրել երկու կողմերուն` երաշխաւորելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին գործադրութիւնը, մինչ ՖԻՆԻՒԼ-ն ու լիբանանեան բանակը կը շարունակեն իրենց առօրեայ դաշտային աշխատանքը` ամրապնդելու հարաւային Լիբանանի մէջ եւ Կապոյտ գիծի երկայնքին կայունութիւնը: Պըրժ Քալաուէյի մօտ գտնուող Տէյր Քիֆա շրջանին մէջ երկու դիրքերու վրայ գտնուող խաղաղապահ ուժերու միաւորներ ստիպուեցան ապահով վայրեր փոխադրուիլ այդ յարձակումներուն պատճառով, որոնք լիբանանցի զինուորներուն, ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամներուն եւ քաղաքայիններուն կեանքերը մեծապէս վտանգեցին», նշեց ՖԻՆԻՒԼ-ը:

ՖԻՆԻՒԼ-ը իսրայէլեան բանակին կոչ ուղղեց` անմիջապէս դադրեցնելու որեւէ յաւելեալ օդային յարձակումներ շղթայազերծելը եւ յարգելու լիբանանեան հողերէն ամբողջովին հեռացումը: Անիկա նաեւ ըսաւ, որ անհրաժեշտ է, որ բոլոր կողմերը խուսափին որեւէ խախտումէ կամ քայլէ, որ կրնայ յաւելեալ մագլցումի յանգեցնել:

ՖԻՆԻՒԼ-ը իր հաղորդագրութեան մէջ կողմերուն կոչ ուղղեց ամբողջովին յարգելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի եւ թշնամական արարքներու դադրեցման փոխհասկացողութեան կէտերը, որովհետեւ այդ մեքանիզմը յատուկ կերպով մշակուեցաւ տարակարծութիւնները լուծելու եւ միակողմանի բռնարարքի դիմելէ խուսափելու, եւ անկէ պէտք է առաւելագոյն չափով օգտուիլ: Ինչպէս նաեւ մագլցումի շարունակութիւնը սպառնալիք կը ներկայացնէ յառաջընթացին, որ կողմերը արձանագրեցին կայունութեան վերականգնման իրենց ջանքերուն մէջ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Վարչապետ Սալամի Հետ Քննարկեց Իսրայէլեան Յարձակումներուն Լոյսին Տակ Ապահովական Զարգացումները

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.