Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերժելով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը` «Ոճիրներու Դիմակայումը Տեղական Դատական Թատրոններու Ճամբով Չ՛ըլլար» Կ՛ըսէ Սուէյտայի Արդարադատական Գերագոյն Յանձնախումբը

September 18, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուէյտայի Արդարադատական գերագոյն յանձնախումբը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով արձագանգեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` «Սուէյտայի ճգնաժամի լուծման ճամբու քարտէս»-ի վերաբերեալ հաղորդագրութեան` նշելով, որ անոր մէջ բացայայտ հակասութիւն գոյութիւն ունի:

Յանձնախումբը նշեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը կոչ կ՛ուղղէ` Սուրիոյ հարցով անկախ միջազգային հետաքննութեան յանձնախումբի մը կազմութեան, սակայն կը վերահաստատէ, թէ հաշուետուութիւնը ըստ սուրիական օրէնքի պիտի ըլլայ, եւ այս հակասութիւնը միջազգային հետաքննութեան պարունակութիւնը կը պարպէ, որովհետեւ անտրամաբանական է, որ ամբաստանեալը ինք դատաւորը ըլլայ, որովհետեւ միջազգային օրէնքը հիմնուած է անկախութեան եւ անկողմնակալութեան վրայ:

Յանձնախումբը յայտնեց, որ հաղորդագրութիւնը կը փորձէ սուրիական կառավարութիւնը ներկայացնել իբրեւ հաշտութեան ձգտող անկողմնակալ կողմ, երբ կառավարութիւնը եւ անոր ապահովական ու զինուորական մարմինները ուղղակի մասնակից էին ջարդերուն եւ ոտնձգութիւններուն` աւելցնելով, որ պատասխանատուութեան ժխտումը հաշտութեան ուղի չի բանար, այլ կ՛ամրագրէ պատիժէն խուսափելու քաղաքականութիւնը:

Յանձնախումբը յայտարարեց, որ Սուէյտայի մջ գործուած ոճիրները եւ տասնամեակներու վրայ երկարած լուսանցքայնացումն ու զրկանքը իրաւացի պատճառներ են ինքնորոշման իրաւունքը պահանջելու` աւելցնելով, որ Սուէյտայի զաւակները օրինական ու բարոյական իրաւունք ունին իրենց ճակատագիրը ազատ եւ անկախ կերպով ճշդելու` ինքնակառավարման կամ անջատման կերպով:

«Սուէյտայի ապագան միայն անոր զաւակները կը ճշդեն, եւ ոչ թէ Դամասկոսի մէջ մշակուած հաղորդակցութիւններու կամ արտաքին փոխադարձ հասկացողութիւններու ճամբով», ընդգծեց յանձնախումբը:

Սուէյտայի Արդարադատական գերագոյն յանձնախումբը յայտարարեց, որ կտրուկ կերպով կը մերժէ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը եւ կ՛ընդգծէ, թէ յուլիս 2025-ին տեղի ունեցածները Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուածին պէս ցաւալի դէպքեր չէին, այլ մարդկութեան դէմ ոճիրներ, եւ այդ ոճիրներու դիմակայումը տեղական դատական թատրոններու ճամբով չ՛ըլլար, այլ միջազգային թափանցիկ հոլովոյթով, որ յանցագործներու հաշուետուութեան եւ Սուէյտայի ժողովուրդի ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը կ՛երաշխաւորէ:

 

 

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Նեթանիահու-Շարհ Հանդիպո՞ւմ

Յաջորդը

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.