Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով այդ երկրի Ներքին գործոց նախարարութեան, կը հաղորդէ, որ Ստեփանակերտի մէջ Կարէն Աւանէսեան անունով հայազգի բնակիչ մը ձերբակալուած է:
Ըստ նախարարութեան, Աւանէսեանին ոստիկանութեան աշխատակիցները ձերբակալած են, երբ «գնդացիրով փորձած է մօտենալ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը վայրին»:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն, «ձերբակալութեան պահուն Աւանէսեան զինեալ դիմադրութիւն ցոյց տուած է: Պատասխան կրակի հետեւանքով` Աւանէսեան հրազէնային վնասուածք ստացած է եւ ձերբակալուած»:
Երէկ Արցախ այցելած էր Ազրպէյճանի նախագահը, որ ներկայ եղած էր համալսարանի ուսումնական մասնաշէնքերէն մէկուն բացման, հանդիպած էր բնակիչներու հետ:


