Քաթարի վարչապետի խորհրդական եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր դոկտ. Մաժետ Պըն Մոհամետ Անսարի շաբաթ օր յայտարարեց, թէ Տոհան «յաջորդ օր` երկուշաբթի օր կը հիւրընկալէ արաբական-իսլամական արտակարգ վեհաժողովը, որ կը գումարուի շրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ»:
Անսարի Քաթարի պետական ՔԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Վեհաժողովը պիտի քննարկէ Քաթարի դէմ իսրայէլեան յարձակումին վերաբերեալ հաղորդագրութեան նախագիծ մը, որ ներկայացուած է արաբ եւ իսլամական պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու վաղը` կիրակի օր գումարուելիք նախապատրաստական ժողովին կողմէ»:
«Արաբական-իսլամական վեհաժողովի այս թայմինկով գումարումը շարք մը իմաստներ ունի եւ կ՛արտացոլէ Քաթարի հետ արաբական եւ իսլամական լայն զօրակցութիւնը ընդդէմ իսրայէլեան երկչոտ յարձակումին, որ Համաս շարժումի շարք մը ղեկավարներու բնակման վայրեր թիրախաւորեց, ինչպէս նաեւ կ՛արտացոլէ այս երկիրներուն կողմէ Իսրայէլի կիրարկած պետական ահաբեկչութեան կտրուկ մերժումը», նշեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Նշենք, որ երէկ Տոհայի մէջ տեղի ունեցաւ արաբական-իսլամական վեհաժողովի պատրաստութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը:
Իրաքի Վարչապետ. «Արաբական Եւ Իսլամական Երկիրները
Կրնան Պաշտպանական Ուժերու Դաշինք Կազմել»
Արաբական եւ իսլամական երկիրները կրնան դաշինք կազմել պաշտպանական ուժերու տեսքով` շրջանին մէջ Իսրայէլի յարձակողական գործողութիւններէն պաշտպանուելու համար: Այս մասին «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանի:
«Չկայ բան մը, որ կը խանգարէ իսլամական պետութիւններուն դաշինք կազմել պաշտպանութեան համար միացեալ ուժերու տեսքով», յայտնեց Սուտանի:
Իրաքի վարչապետը, մեկնաբանելով Իսրայէլի կողմէ Քաթարի վրայ հարուածը, նաեւ ընդգծեց, թէ արաբական եւ իսլամական երկիրները մեծ ներուժ ունին, այդ ներուժը կրնայ օգտագործուիլ Իսրայէլի յարձակումին հակազդելու համար, ինչ որ, անոր կարծիքով, Քաթարով պիտի չսահմանափակուի:


