Պաղեստինեան ազգային անվտանգութեան ուժերը շաբաթ առաւօտեան յանձնեցին հիւսիսային Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստինեան Պըտտաուի եւ Սայտայի մէջ Այն Հելուէ գաղթակայաններու զէնքերը` 21 մայիս 2025-ին Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի միջեւ Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայաններու զէնքերը յանձնելու շուրջ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ:
Նախքան այդ, Ֆաթհ շարժումը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ուրբաթ գիշեր յանձնած է իր զէնքերը` նշելով, որ այդ գործողութիւնը առաւօտեան տեղի պիտի ունենայ, թէեւ Այն Հելուէի մէջ զէնքերու յանձնումը լուսարձակներէ հեռու տեղի պիտի ունենայ:
Այն Հելուէի մէջ զէնքի յանձնման գործողութիւնը քաղաքական եւ ապահովական նշանակութիւն ունի` նկատի ունենալով, որ նշեալ գաղթակայանը պաղեստինեան սփիւռքի մայրաքաղաքն է, ուր կը տրուին որոշումները, եւ այնտեղ քաղաքական տարատեսակ ու բարդ ներկայութիւն գոյութիւն ունի:
«Էլ.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակը Այն Հելուէի մէջ զէնքերով բեռցուած բեռնակառքերը ստանձնելէ ետք գաղթակայանին մօտակայ զօրանոցի մը մէջ զանոնք քննած է:
Հիւսիսային Լիբանանի մէջ Ֆաթհ շարժումի եւ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան խմբաւորումներու ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Ապու Հարպ «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Մեզմէ պահանջուածը յանձնեցինք բանակի տեղեկահաւաքի բաժանմունքին, եւ Պըտտաուի գաղթակայանին մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան մնացեալ զէնքերը անձնական են»:
Լիբանանեւպաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ, դեսպան Ռամեզ Տիմաշքիէ իր կարգին շաբաթ օր յայտարարեց. «Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ զէնքի յանձնման գործողութիւնը աւարտեցաւ»:


