Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման հոլովոյթի մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ երէկ առաւօտեան հասաւ Հայաստան` երկու երկիրներուն միջեւ սահմանի Մարգարայի անցակէտին ճամբով, ուր զինք դիմաւորեց Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման հոլովոյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը:
«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Քըլըչ Իգդիրի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշած է, որ ցամաքային սահմանով պիտի անցնի Հայաստան, ուր պիտի քննարկուին կատարուած աշխատանքներն ու յառաջիկային իրականացուելիք քայլերը:
Ան նաեւ անդրադարձած է սահմաններու խնդիրին` նշելով, որ «Զանգեզուրի գիծ»-ը շատ կարեւոր է: Ան պնդած է, որ անիկա ոչ միայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, այլ ամբողջ Կեդրոնական Ասիոյ եւ թրքական հանրապետութիւններու համար շատ կարեւոր գիծ է` աւելցնելով, որ հայկական կողմը այս բոլորին նկատմամբ դրական մօտեցում ունի:
Կէսօրուան մօտ Քըլըչը ընդունուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ: Դեսպան Քըլըչ 2021-ին` Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման հոլովոյթի մեկնարկէն ի վեր, առաջին անգամն ըլլալով կը գտնուէր Երեւան:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կարգաւորման հոլովոյթի յատուկ ներկայացուցիչները` Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանը եւ դեսպան Սերտար Քըլըչը Երեւանի մէջ ունեցան իրենց վեցերորդ հանդիպումը:
«Այս հանդիպումին յատուկ ներկայացուցիչները վերահաստատեցին նախորդ հանդիպումներուն մշակուած եւ համաձայնեցուած հարցերը` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման հոլովոյթի յառաջմղման նպատակով: Այս ծիրին մէջ անոնք միտքեր փոխանակեցին 2022 թուականի յուլիս 1-ի հանդիպման ընթացքին սահմանահատումներու վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութեան կեանքի կոչման շուրջ: Յատուկ ներկայացուցիչները համաձայնեցան արագացնել այս հոլովոյթը:
«Յատուկ ներկայացուցիչները նաեւ համաձայնեցան, որ երկու երկիրներու համապատասխան մարմինները պիտի կատարեն անհրաժեշտ թեքնիք ուսումնասիրութիւնները` Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի եւ ելեկտրահաղորդիչ գիծի վերականգնման ու գործարկման համար:
«Անոնք նաեւ համաձայնեցան, որ ջանքեր պիտի գործադրուին մշակոյթի եւ ակադեմական ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ, մասնաւորաբար բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու ուսանողներուն համար կրթաթոշակներու հնարաւորութիւններ ստեղծելու եւ պատմական Անիի/Մետաքսի ճամբու կամուրջի համատեղ վերականգնման միջոցով:
«Յատուկ ներկայացուցիչները նաեւ համաձայնեցան իրականացնել անհրաժեշտ աշխատանքներ` միտուած այլ հետաքրքրուած ընկերութիւններու կողմէ 2026 թուականի ամառուընէ տարբեր ուղղութիւններով թռիչքներ կատարելու, ինչ որ պիտի աւելցնէ օդային ուղեւորութիւններու եւ թռիչքներու թիւը երկու երկիրներուն միջեւ:
«Եզրափակելով` յատուկ ներկայացուցիչները վերահաստատեցին յանձնառութիւնը առանց նախապայմանի շարունակելու այս հոլովոյթը»:
Քըլըչի հետ տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:


