Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գէորգ Փափազեանի Հրաժեշտին Առթիւ

September 13, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, սեպտեմբեր 6-ին հողին յանձնուեցաւ ՀՅԴ-ի հաւատաւոր անդամ Գէորգ Փափազեանը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք դամբանականը, զոր ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» (Քալիֆորնիա) կոմիտէին անունով ներկայացուց Սարգիս Տաղտէվիրեանը` յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին:

Գէորգը ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 23 մայիս 1952-ին: Անդրանիկ եւ Մարի Փափազեաններու 4 զաւակներէն երրորդն է, կրտսերը` Նազելիին եւ Աւետիսին ու երէցը` Սարգիսին:

Աւարտած է Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան վարժարանը, որմէ ետք 2 տարի յաճախած է Անթիլիասի դպրեվանքը. հակառակ իր քրիստոնէական հաւատացեալ էութեան` իր տաքարիւն բնաւորութիւնը չէ յարմարած կրօնական կարգ ու սարքին եւ անցած է գործի ասպարէզ եւ դարձած` վարպետ ոսկերիչ:

17 տարեկանին կ՛անդամակցի ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղին, երբ տակաւին գոյութիւն չունէր ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը` ԼԵՄ-ը: ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը կ՛անցնի 1973-ին: Նոյն տարին կը ստեղծուի ՀՅԴ ԼԵՄ-ը` թափ տալու լիբանանահայ երիտասարդութեան Հայ դատի ուղիին վրայ գործօնութեան:

Կը նշանակուի ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղի վարչական:

Հետագային, կուսակցական կեանքին մէջ, ՀՅ Դաշնակցութեան «Մահ կամ Ազատութիւն» նշանաբանին ոգիով, անշեղօրէն կատարած է Դաշնակցութեան եւ, հետեւաբար, հայութեան ծառայութեան ճամբուն ստանձնած բոլոր պարտականութիւնները, շատ անգամ դէմ յանդիման գալով մահուան. ուրիշ խօսքով, հաւատարիմ դաշնակցականի իր երդումին` կանգուն մնացած է պայքարի ճակատին վրայ: «Միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստան»-ի մեծ տենչանքին ծառայեցուցած է իր ամբողջ էութիւնը, բոլոր կարողութիւնները:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին գտնուած է ՀՅ Դաշնակցութեան զանազան ակումբներուն մէջ` թէ՛ ինքնապաշտպանական պատնէշի եւ թէ՛ նորահաս սերունդին օրուան պահանջներուն պարտադրած դաստիարակութեան ու պատրաստութեան դիրքերուն վրայ: Շատեր տեսած են իր գործը ստանձնած յանձնարարութիւններուն մէջ, բայց ո՛չ Գէորգը, ո՛չ ալ այդ շատերը կրցած են խօսիլ կամ գրել ատոնց մասին` դաշնակցական գաղտնապահութեան անուրանալի ու պողպատեայ աւանդին պատճառով:

Յեղափոխական եւ մտաւորական թէ՛ Ռուբէն Տէր Մինասեանը իր «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» պատմագրական ու վերլուծական գործին մէջ եւ թէ՛ Կոմսը` Վահան Փափազեանը, իր «Խոնարհ հերոսներ»-ը հատորներուն մէջ կատարած են Դաշնակցութեան ազատագրական պայքարի սկզբնական շրջանի ֆետայիներուն, գործիչներուն եւ նուիրեալներուն արժանի անմահացումը: Ներկայի լռակեաց ու խոնարհ հերոսները` Գէորգը եւ իր նմանները` կը սպասեն իրենց իրագործումներուն հերոսապատումին` նոր ռուբէններու եւ կոմսերու միջոցով:

Այդ տարիներուն եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի այդ օրերու անդամ եւ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի տնօրէն Հրաչ Տասնապետեանի թիկնապահը. հազուադէպօրէն տեսանելի պարտականութիւններէն մէկը:

Գէորգը այն դաշնակցականներէն էր, որոնք ազգային որեւէ տագնապի օրերուն իրենց վստահուած գործը անպայման կատարած են:

«Հապիպ ալպի» մակդիրը, այսինքն` «սրտիս սիրածը», որով ճանչցուած է, իր ընկերներուն համար Գէորգին կողմէ գործածուած այս բառերը շրջուած եւ դարձած են իրեն տիտղոս ու անջնջելի իրականութիւն:

Եղած է շրջապատին իսկական սիրելի անձ` իրեն յատուկ փաղաքշական արարքներով, որ մնացած են զինք ճանչցածներուն յիշողութեան մէջ: Օրինակ, այդ ոճով իր ստիպումներէն մէկն էր. «Կ՛ընե՜ս, կ՛ընե՜ս… չե՞ս մը ըներ» խօսքերը, երբ գործի մը պահանջը կը դնէր ընկերներէն ոեւէ մէկուն առջեւ:

Ընկերասիրութեան եւ ուղղամտութեան բարձր չափանիշով ապրած է իր ամբողջ կեանքը ու անոր ոգիով սպասած, որ փոխադարձաբար նոյնը ստանայ դիմացինէն:

7 հոկտեմբեր 1984-ին կը պսակուի Աշխէն Տաղտէվիրեանին հետ: Կ՛ունենան 3 զաւակներ. 1987-ին` Վաչէն (անունակոչումը ի յիշատակ Լիզպոն 5-ի Վաչէ Տաղլեանին), 1990-ին` Մեղրին եւ 1992-ին` Վահագնը:

Իր ոսկերիչի կարողութիւններուն շնորհիւ, 1990-ին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿի) Զարգացման յանձնաժողովի մը կողմէ աշխատանքի կը հրաւիրուի եւ Եմէն կ՛ուղարկուի` ոսկերչութիւն սորվեցնելու ծրագրին հետեւող տեղացիներուն: Ընտանիքով մէկուկէս տարի կը մնայ Եմէն, ապա, նախ Աշխէնը երկու զաւակներով, 1991-ին, յետոյ Գէորգը` 1992-ի սկիզբը, կը տեղափոխուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Լոս Անճելըսի մէջ մաս կազմած է նախ Հովիտի ՀՅԴ «Ռոստոմ», ապա ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութիւններուն:

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն, նաե՛ւ իր բառերով, «դաւաճանական» արարքներուն եւ հողատուութեան մասին զայրոյթով արտայայտուած է` յատուկ խորշանք ունենալով այդ վարչախումբին զօրակցողներուն թէ՛ Հայաստանի ու թէ՛ սփիւռքի մէջ: Կը փափաքէր Հայաստանի ու սփիւռքահայութեան լրատուական բոլոր նորութիւններուն ծանօթանալ, որպէսզի ճշգրիտ կեցուածք ճշդէր:

Սիրած է իր սրտակից ընկերներով ու ընտանիքի մօտիկներով շրջապատուած ըլլալ: Սրամիտ կատակները եւ անկեղծ ու անթաքոյց արտայայտութիւնները տիրական եղած են այդ հանդիպումներուն, այն աստիճան, որ երբեմն նոյնիսկ զարմացողի մը աչքերու մեծնալը կը պատճառէին:

Խստապահանջ կուսակցական ըլլալով` նոյնն էր նաեւ ընտանեկան կեանքին մէջ. ըլլալ հայրենասէր, աշխատասէր եւ արդարամիտ:

Կեանքի հաճոյալի կարգ մը վայելքները քիչ մը աւելիով շահագործելը ճակատագրական վնասներ հասցուցած է իր առողջութեան:

Իր աշխատասիրութիւնը առանց յոգնութեան գործածած է, կնոջը` Աշխէնին հետ, ապահովելու համար ընտանիքին բարօրութիւնը, երբեմն առանց հանգիստի, ինչ որ նաե՛ւ որոշ բան խլած է իր առողջութենէն:

2022-ին դուստրը` Մեղրին, կը պսակուի Սարէ Եղիազարեանին հետ, եւ զոյգը կը բախտաւորուի երկու սիրուն երեխաներով, որոնք Գէորգին կը պարգեւեն, թէկուզ` կարճ ժամանակուան համար, ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն:

Վերջին քանի մը տարիներուն ֆիզիքականը տեղի կու տայ եւ առոյգ Գէորգը կը սկսի հալիլ: Աշխէնը եւ զաւակները իրենց կարելին կ՛ընեն վերականգնելու իր առողջութիւնը, սակայն անհանգստութիւնը ա՛լ անդառնալի էր: Կը մահանայ 14 օգոստոսին:

Գէորգը խորապէս ճանչցողներ իրենց ցաւակցագիրներուն մէջ կը յայտնեն. «Գնաց միանալու Հայ դատի ու հայութեան արդար պահանջներուն համար զոհուած մարտիկներուն»:

Անոնց հետ միացումդ ըլլա՛յ նոյն ուղիին վրայ մարտնչողներուն պահպանութեան ու ներշնչումի ուխտ, սիրելի՛ Գէորգ:

Նախորդը

Թրամփի Կամուրջը Եւ Մեր Անուրջը

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար Տօներ. Խաչվերաց Սուրբ Խաչը Հիմ` Քրիստոնէական Հաւատքի

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.