Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ապազինեալ Պետութիւն Կ՛ուզենք» Կ՛ըսէ Ապպաս

September 10, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ Կազայի մէջ պատերազմի աւարտին յաջորդ օրն իսկ Համաս շարժումը իշխանութեան մէջ որեւէ դեր պիտի չունենայ` շեշտելով, որ շարժումը պէտք է իր զէնքերը յանձնէ պաղեստինեան պետութեան, «որովհետեւ ապազինեալ պետութիւն կ՛ուզենք»: Ան այս մասին յայտարարեց Լոնտոնի մէջ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Իւեթ Քուփըրի հետ հանդիպումին ընթացքին:

Ապպաս նշեց, որ պաղեստինեան ներկայ առաջնահերթութիւններն են անմիջական ու տեւական զինադադարի հաստատում, մարդասիրական օժանդակութիւններու ամբողջական հասանելիութիւն, գերիներու ազատ արձակում, իսրայէլեան ուժերու հեռացում եւ առողջացման ու վերաշինութեան հոլովոյթի մեկնարկ է:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը ըսաւ, որ Կազան Պաղեստինի պետութեան անբաժանելի մասն է, եւ իշխանութիւնը արաբական ու միջազգային աջակցութեամբ այդտեղ իր ամբողջական պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնէ` նշելով, թէ պատերազմի աւարտէն ետք մէկ տարուան ընթացքին խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններ կատարելու պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով. «Որեւէ կուսակցութիւն կամ թեկնածու, որ կ՛ուզէ մասնակցիլ ընտրութիւններուն, պէտք է յարգէ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան քաղաքական ծրագիրը, միջազգային օրէնքը, մէկ իշխանութեան, մէկ օրէնքի եւ օրինական մէկ ապահովական ուժի սկզբունքը:

Ապպաս գնահատեց բրիտանական կառավարութեան դիրքորոշումը, մասնաւորաբար այս ամիս Նիւ Եորքի մէջ խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու որոշումը` զայն նկատելով «պատմական անիրաւութեան սրբագրութեան եւ խաղաղութեան հաստատման նոր հորիզոններ բանալու քայլ մը»:

«Պաղեստին յանձնառու է խաղաղութեան, երկու պետութիւններու սկզբունքով լուծումին, ստեղծման 1967-ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան անկախ պետութեան, որ Իսրայէլի հետ կողք կողքի կ՛ապրի անվտանգութեան, կայունութեան, խաղաղութեան եւ բարիդրացնութեան մէջ», վերահաստատեց պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը:

Նախորդը

Բագրատունի Ընդունեց Պատրան Ժիա Քըրտը

Յաջորդը

Սուրիա Դատապարտեց Հոմսի Եւ Լաթաքիոյ Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումները

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.