Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սաատ Հարիրի 12 Տարի Ճնշումներ Կրեց, Սակայն Չընդունեց Երկրին Մէջ Արիւն Թափել» Կ՛ըսէ Ռաատ

September 10, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Մոհամետ Ռաատ «Նուր» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ներկայ փուլին Լիբանանի դիմագրաւած տագնապի լուծման ձեւը գտնելու համար անհրաժեշտ է չափազանց նրբութեան, ողջախոհութեան, իմաստութեան` առանց աճապարելու, ինչպէս նաեւ խիստ յանձնառութիւն` ազգային գերիշխանութեան ու ազգային արժանապատուութեան նկատմամբ:

Ռաատ նշեց, որ 5 օգոստոսին որդեգրուած կառավարութեան զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ որոշումը պետութեան ձեռքէն դուրս գտնուող ամէն զէնք ապօրինի նկատեց, ինչ որ կը հակասէ ազգային ուխտին, համախոհութեան, Թաէֆի համաձայնագիրին, ազգային հաւասարակշռութեան եւ գերիշխանութեան:

«Վարչապետը մեզի կ՛ըսէ` առանց զինաթափման ո՛չ վերաշինութիւն կայ, ո՛չ բարգաւաճում, ո՛չ ծրագիրներ, ո՛չ ալ բարեկարգումներ: Ան ասիկա կը յայտարարէ: Եթէ խնդիրը այսքան մեծ է, եւ դուն անկարող ես զայն տանիլ, ուրեմն առնուազն կատարէ ազգային պարտականութեան քեզի թելադրածը: Երկիրը ներքին սադրանքի փապուղի մտցնելը ազգային պարտաւորութի՞ւն է: Այս երկրին մէջ խոհեմութիւն ու իմաստութիւն գոյութիւն ունի», ըսաւ երեսփոխանը:

«Մեզի կ՛ըսուի, թէ ճնշումները մեզմէ մեծ են, սակայն իշխանութեան վրայ կար մէկը, որ աւելի շատ ճնշումներու ենթարկուեցաւ, քան այս իշխանութիւնը: Սաատ Հարիրիի վրայ գործադրուած ճնշումները այս կառավարութեան վրայ գործադրուածներէն մեծ էին: Սաատ Հարիրին 12 տարի տոկաց ճնշումներուն, սակայն ներքին արիւնահոսութիւնը չընդունեց եւ անոր համար գին ալ վճարեց», յայտնեց Ռաատ:

«Պահանջուածը մեզ մղելն էր ներքին անվտանգութիւնը խախտելու եւ անբաղձալի հետեւանք ունեցող քայլերու դիմելու: Մեր շրջապատը այդ մէկը կատարելու մէջ ներքաշել փորձողները ոճրագործներ են: Ի վերջոյ, ամէն բան չափ մը ունի, եւ ամէն երթ վերջ մը, եւ երբ հարցերը ոեւէ մարդու կամ կողմի գոյութենական վտանգի կը հասնին, ան գոյութենական վտանգին համեմատ կը վարուի», նշեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամը:

«Քննարկումը զէնքին շուրջ է, եւ մենք պատրաստ ենք անոր, սակայն գերիշխանութիւնը իրագործենք, ապա կը քննարկենք», յայտնեց Ռաատ` աւելցնելով. «Այս զէնքը արդար իրաւունք է: Այնքան ատեն դեռ բռնագրաւում կայ, այնքան ատեն որ դեռ իսրայէլեան կողմը զինադադարը չի յարգեր, այնքան ատեն որ դեռ իսրայէլացիին մօտ գերիներ կան, ինչպէ՞ս կարելի է ներքին ճակատի վրայ այս զէնքի հարցը քննարկել: Երբ իսրայէլացիներ մեր հողէն հեռանան, երբ մեր հողերուն վրայ յարձակումները դադրին, մենք` լիբանանցիներս իրարու միջեւ կը համաձայնինք», ըսաւ ան:

«Նախանձախնդիր ենք, որ Հանրապետութեան նախագահին հետ յարաբերութիւնները բնական ըլլան ու չխզուին, որովհետեւ նախագահը առնուազն մեր ըսածը մտիկ կ՛ընէ, իր տեսակէտը, մտավախութիւնները կամ իրեն հասած առաջարկները կը յայտնէ: (…) Ի տարբերութիւն կարգ մը պաշտօնատարներու, հանդարտութիւնն ու չաճապարելը կարեւոր կը տեսնենք, ինչ որ իշխանութեան բարեմասնութիւններէն է, սակայն ոմանց մօտ հարցերուն նկատմամբ թեթեւամտութիւն ու մեծամտութիւն գոյութիւն ունի», յայտնեց երեսփոխանը:

«Կառավարութիւնը երկրին եւ Դիմադրութեան նկատմամբ ամօթալի սխալ գործեց, եւ կը կարծեմ, թէ հարցերը սրբագրելու միակ առիթը այդ սխալէն ետդարձ կատարելն է, այդ սխալէն ամբողջական ետդարձ կատարելը: Կը կարծեմ, թէ խորհրդարանի նախագահ Պըրրին առաւելագոյն ճկունութիւն ցուցաբերեց, կառավարութիւնն ու անոր պատասխանատուները մղեց 5 սեպտեմբերին ձեւական ու մարտավարական նահանջ կատարելու: Այս մարտավարական ձեւական նահանջը կ՛ակնկալուի, որ մեծ խնդիր մը խնայէ, սակայն քայլերու սպասենք ու տեսնենք: Մենք վստահ չենք, որ մէկը կրնայ չսխալիլ կամ սխալ քայլ չկատարել: Նաեւ չեն թերագնահատեր նահատակներուն ու վիրաւորներուն ընտանիքներուն, անոնց շրջապատին ու Դիմադրութեան զայրոյթը, ի վերջոյ անոնք մարդ են: Կրնայ ըլլալ, որ ոչ ոք կարենայ անոնց զայրոյթը զսպել, եթէ գրգռուի», յայտնեց Ռաատ:

 

 

Նախորդը

«Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրը Հինգ Փուլերէ Կը Բաղկանայ» Կ՛ըսէ Ռաժժի

Յաջորդը

Պըրրիի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Պըրրիի Հետ Յարաբերութիւններու Խզում Չկայ» Հաստատեց Սալամ

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.