ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Երկուշաբթի, 8 սեպտեմբերին բացուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի աշնանային նստաշրջանը: Ոչ մէկ տարբերութիւն նախորդ նստաշրջաններէն: Միեւնոյն որակումները, միեւնոյն անյարգալից ու անպատշաճ խօսելակերպը, միեւնոյն վիրաւորական եւ արժանապատուութիւն խոցող վերաբերումը: Ամառնային արձակուրդը չէ զգաստացուցած իշխանական պատգամաւորները, որոնք կը վերսկսին խօսիլ ու գործել նոյն, մաշած, սակայն միշտ վերանորոգուող ոճով:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը` Նիկոլ Փաշինեան, ճեպազրոյցի մը առիթով յայտարարեց հետեւեալ «գաղափարաբանութիւնը». «Ո՞րն է այսօրուայ եւ նախկին Հայաստանի հանրապետութիւններու տարբերութիւնը: Նախկինում Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունէր այլ երկրների շնորհիւ, այլ երկրների համար: Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունի իր շնորհիւ` իր քաղաքացիների շնորհիւ, իր քաղաքացիների համար: Փառք նահատակներին եւ կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»: Կը նշանակէ, որ Հայաստան անկախացեր է շնորհիւ պարտութեան, հինգ հազար զոհերուն, Արցախի կորուստին, Հայաստանէն տարածքներու գրաւման, Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութեան, պատանդներու գոյութեան: Այս խօսելակերպը քարոզչական նոր հնարք է եւ նպատակ ունի պարտութիւնը, իրաւունքներէ հրաժարումը, թշնամիին բոլոր պահանջներուն ենթակայութիւնը ներկայացնել իբրեւ յաղթանակ, իբրեւ խաղաղութիւն պարգեւող ընծայ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հովանաւորութեամբ:
Արցախեան պահանջատիրութիւնը մոռացութենէ փրկելու զանազան նախաձեռնութիւններուն կողքին, ուշագրաւ է Շուշիի «Վարանդա» մանկական ու պատանեկան երգչախումբին գոյատեւումը Երեւանի մէջ: Այս երգչախումբը ստեղծուած էր 1992-ին, Շուշիի ազատագրումէն անմիջապէս ետք: Երկրորդ տարին է, որ Երեւանի եւ մօտակայ շրջաններու արցախցի մանուկներ ու պատանիներ, շուրջ վաթսուն հոգի, կը հաւաքուին ամառնային արձակուրդի օրերուն, կը մարզուին ու սեպտեմբերին հանդէս կու գան համերգներով:
Խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար Զաքար Քէշիշեան, որ հիմնադիրն է «Վարանդա» երգչախումբին, շարունակելով Արցախի մէջ սկսած աշխատանքը, գործնապէս կը բացայայտէ, որ Արցախը կա՛յ, կը մնայ եւ թէ վերադարձը անխուսափելի է: Արցախը մոռցնել տալու նկրտումներուն դիմաց, արուեստով պարուրուած ի՜նչ շքեղ հերքում:
«Վարանդա» երգչախումբը միշտ հանդէս եկած է իրեն համար յօրինուած նոր երգերով: Այս տարի եւս նոյնն է պարագան. բոլոր երգերը նոր են` գրուած հայրենի յայտնի երգահաններու կողմէ:
Մասիս քաղաքի եւ Գիւմրիի համերգներէն ետք, «Վարանդա»-ի «Երգող Արցախ» գլխաւոր համերգը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 9 սեպտեմբերին: Կամրային դահլիճի բեմին վրայ արցախցի վաթսուն երեխաներու ու պատանիներու խրոխտ կեցուածքը եւ երաժշտական բարձրորակ մատուցումը երաշխիքներ են, որ Արցախը չէ մոռցուած, չի մոռցուիր, եւ թէ երիտասարդ դարձած այս տղաներն ու աղջիկները վաղը տէր պիտի կանգնին իրենց հայրենական աւանդին:
Մասիս քաղաքին մէջ տրուած համերգի աւարտին, երբ երգչախումբը կ՛երգէր Արցախի օրհներգը, աղջիկներէն մէկը յանկարծ փղձկեցաւ ու սկսաւ լալ: Օրհներգը բացայայտեց հայրենի եզերքին կարօտը, Արցախ աշխարհին ներկայութիւնը համերգի սրահին մէջ, Արցախ աշխարհին անջնջելի ներկայութիւնը հայրենասէր ամէն հայու հոգիէն ներս: Այդ կարօտը անպայման պիտի վերածուի կամքի ու վճռականութեան:
Հայաստանեան քաղաքական առօրեան կը շարունակէ մնալ պղտոր ու աղօտ. իշխանութիւնները, պարտկելու համար ազգային արժէքներէն իրենց հրաժարումը, կը հնարեն իշխանութիւնը բռնի փոխելու տեսարաններ, ահաբեկչութեամբ կ՛ամբաստանեն բողոքողները ու բանտերը կը խճողեն իրենց քաղաքականութեան հակադրուած գործիչներով: Նման վերաբերում մը կը մատնէ անզօրութիւն` համոզիչ ու ընդունելի դարձնելու իրենց քաղաքական ընթացքը, Հայոց պատմութեան հունը շեղելու ծրագիրը:
Գորշ միջավայրի մէջ «Վարանդա» երգչախումբի գոյութիւնը լոյսի շող է, նախասահմանուած օր մը վերածուելու բոցեղէն կրակի:



