Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Սապալենքա Շահեցաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ը

September 8, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եու. Էս. Օփըն»-ի աղջկանց աւարտական մրցումին աշխարհի թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա 1 ժամ 36 վայրկեան պայքարէ ետք 6-3 եւ 7-6 (7-3) արդիւնքով պարտութեան մատնեց ամերիկացի Ամանտա Անիսիմովան (թիւ 9)` շահելով իր յաջորդական երկրորդ տիտղոսը` Ֆլաշինկ Մետոյի մէջ:

Սապալենքա կը փորձէր առաջին աղջկանց ախոյեանը ըլլալ, որ յաջորդական տարիներ կը շահէր Նիւ Եորքի մէջ Սերենա Ուիլիամսէն ետք (2012-2014), մանաւանդ որ ան ձախող տարի մը կ՛ունենար պարտուելէ ետք Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին եւ Ռոլան Կարոսի աւարտականներուն, մինչ Ուիմպըլտընի մրցաշարքի կիսաւարտականին պարտուած էր նոյնինքն Անիսիմովայէն:

«Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի աւարտականէն ետք կարծեցի, թէ լաւագոյն բանը պարզապէս մոռնալն է եւ շարունակելը, բայց նոյն բանը պատահեցաւ Ռոլան Կարոսի մէջ: Ուրեմն, ետ երթալով դիտեցի, թէ ի՛նչ պատահած էր այդ աւարտականներուն, թերեւս բան մը սորվէի: Այս աւարտականին որոշած էի զսպել իմ զգացումներս: Չուզեցի, որ անոնք վրաս ազդեն, հոգ չէ թէ ինչ կ՛ըլլայ մրցումի պահուն», ըսաւ ուրախ Սապալենքա:

«Միտքս դրած էի կեդրոնանալ ամէն գնդակի վրայ, առանց ազդուելու շուրջս եղած բաներէն: Պարզապէս կեդրոնանալ», աւելցուց պիելռուս թենիսվումընը,  որ հանդիսատեսներուն առիւծի բաժինին մրցակից Անիսիմովան քաջալերելով հանդերձ չկորսնցուց իր ինքնավստահութիւնը եւ կեդրոնացումը:

Սապալենքա կիսաւարտականին դուրս ձգած էր թիւ 4 Ճեսիքա Փեկուլան որ իր կարգին կը վայելէր ամերիկացիներուն քաջալերանքը, մինչ Անիսեմովա դուրս ձգած էր ճափոնցի Նաոմի Օսաքան 6-7, 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով:

Տղոց աւարտականը իրար դէմ պիտի հանէր աշխարհի թիւ 1 եւ թիւ 2 թենիսմենները` Եաննիք Սինըր եւ Քարլոս Ալքարաս:

Ալքարաս, որ կրնայ դառնալ թիւ 1 թենիսմեն, եթէ շահի, կիսաւարտականին դուրս ձգած էր սերպ Նովաք Ճոքովիչը 6-4, 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով, մինչ Սինըր աւելի դժուար մրցումէ մը ետք դուրս ձգած էր քանատացի Ֆելիքս Օժէ – Ալիասիմը` 6-1, 3-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով:

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Խաղաղութեան Միֆն Ու Իրարամերժ Տրամաբանութիւնները

Յաջորդը

Սուարես 6 Մրցումով Կախակայուեցաւ

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.