Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արժանաւոր Նուիրեալին Յիշատակը Անթառամ

September 6, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Արժանաւորներու յիշատակը նման է յաւերժ  վառ անմար կանթեղին: Լիբանանահայ  համայնքի պատմագրութեան մէջ արժանաւորներու առաջիններէն պիտի մնայ  Երջօ Սամուէլեանի երախտիքը:

Երջօ Սամուէլեան իր իսկ կեանքին օրինակով, բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ  ծառայութիւններով անմոռանալի եւ ուսանելի  յիշատակներ ձգեց լիբանանահայ համայնքի  սերունդներուն մէջ: Անհուն սիրով եւ   նուիրումով օժանդակեց բոլորին, անխտի՛ր` կրթական հաստատութիւններուն, մշակութային միութիւններուն, հայ մամուլին, կարիքաւոր ընտանիքներուն, որովհետեւ կը հաւատար լիբանանահայ համայնքի դերակատարութեան, ուստի նեցուկ կանգնեցաւ անոր:

Այսօր, Երջօ Սամուէլեանի մահուան տարելիցին առիթով, երախտագիտութեամբ եւ ակնածանքով կը խոնարհինք համայնքի արժանաւոր զաւակներէն մէկուն յիշատակին առջեւ: Այսօր կը յիշենք անոր անպատմելի   նուիրումը եւ անսահման ծառայութեան  ոգին: Կը յիշենք ոչ միայն անոր  բարեգործութիւնները, այլ նաեւ այն ոգեւորութիւնը, զոր կը դրսեւորէր ծառայութեան ճամբուն վրայ: Երջօ Սամուէլեան կ՛ապրէր լիբանանահայ համայնքին նուաճումներով:

Արժանաւորները չեն յիշուիր միայն երկրային կեանքի օրերուն: Յետ մահու եւս մեր սրտերուն մէջ անթառամ կը պահենք անոնց բարի յիշատակը:

Երջօ Սամուէլեան ՄԱՐԴ եւ ՄԵԾ բարերարին անսահման նուիրումը եւ ծառայութիւնը մեզի կը  յուշէ, որ իսկական արժէքները չեն մահանար: Անոր ազգանուէր  ուղին,  ծառայութեան եւ մարդասիրութեան ոգին եւ յիշատակը անթառամ պիտի մնան եւ մնայուն  բուրմունք պիտի հաղորդեն մեր համայնքին:

 

 

Նախորդը

Քրիստափոր Միքայէլեանի Նահատակութեան 120-Ամեակին Նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Վիտոշի Բազէ» Բանակում

Յաջորդը

Բարերարը Յիշելը Միշտ Անհրաժեշտ Է

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.