Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թարեք Մըթրիի Հետ Քննարկեցի Լիբանանի Մէջ Կալանաւորուած Եւ Անհետ Կորսուած Սուրիացիներու Թղթածրարը» Կ՛ըսէ Սուրիացի Պաշտօնատար Մը

September 3, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հիւպատոսական ծառայութեան տնօրէն Մուհամետ Եաաքուպ Օմար նշեց, թէ երկուշաբթի օր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ հանդիպում ունեցած է Լիբանանի փոխվարչապետ Թարեք Մըթրիի հետ եւ անոր հետ քննարկած Լիբանանի մէջ կալանաւորուած ու անհետ կորսուած սուրիացիներուն թղթածրարը եւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր:

«Երկու երկիրներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններուն փոխադարձ գործակցութեան եւ համակարգումի հիմամբ ամրապնդման կարեւորութիւնը շեշտեցինք», աւելցուց ան:

Նշենք, որ փոխվարչապետ Մըթրի երկուշաբթի օր ընդունեց սուրիական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին նախկին նախարար եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ արաբական հարցերու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Մոհամետ Թահա Ահմետը, նախկին նախարար եւ հիւպատոսական ծառայութեան պատասխանատու Մոհամետ Եաաքուպ Օմարը եւ անհետ կորսուածներու ազգային մարմինի նախագահ Մոհամետ Ռիտա Մունզեր Ժալքին:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր եւ զանոնք փոխադարձ վստահութեամբ ու յարգանքով, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան անկեղծ փափաքը ամրապնդող ձեւով լուծելու կարելիութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի մէջ կալանաւորուած ու կորսուած սուրիացիներու եւ Սուրիոյ մէջ կորսուած լիբանանցիներու, ինչպէս նաեւ սահմանին վերահսկելու եւ մաքսանենգումը արգիլելու գործակցութեան հարցերը:

Քննարկուեցաւ սուրիացի գաղթականներուն, անոնց իրենց երկիր տունդարձի եւ ատիկա դիւրացնելու կարեւորութիւնը: Համաձայնութիւն գոյացաւ վերատեսութեան ենթարկելու Լիբանան-Սուրիա համաձայնութիւնները, զանոնք բարելաւելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ սերտելու այն համաձայնութիւններն ու քայլերը, որոնք երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութիւնը կը խթանեն:

Որոշուեցաւ սուրիական նախարարական պատուիրակութեան մը մօտ օրէն Պէյրութ այցելութեան նախապատրաստութեան համար կազմել մասնագիտական երկու յանձնախումբեր` մէկը արդարադատական համաձայնութեան մը նախագիծի պատրաստութեան, եւ ուրիշ մըն ալ երկու երկիրներուն միջեւ սահմաններուն առնչուող:

«Անպա Էլեքթրոնիա», անդրադառնալով սուրիական պատուիրակութեան այցելութեան, հաղորդեց. «Փոխվարչապետ Մըթրի սուրիական պատուիրակութեան հետ համաձայնեցաւ կազմելու երկու յանձնախումբեր` մէկը անհետ կորսուածներու եւ միւսը կալանաւորուածներու հարցով: Անոնք նաեւ հիմնական կէտերը նշեցին ու ճշդեցին խնդիրներու լուծման սկսելու եւ Լիբանան-Սուրիա համաձայնութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու մեքանիզմ մը»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին. «Սուրիական պատուիրակութեան այցելութիւնը տեղի ունեցաւ ամերիկեան ճնշումով, սակայն առկախ հարցերու շուրջ լուծումներու հասնելու համար պայմանները տակաւին չեն հասունցած: Երէկ ուղարկուած պատուիրակութիւնը թեքնիք բնոյթ ունէր, եւ յստակ է, թէ անոր հիմնական պարտականութիւնը կալանաւորուածներու թղթածրարին քննարկումն է»:

Նախորդը

Ապպաս. «Լիբանանի Մէջ Գաղթակայաններու Զէնքը 1969-ին Իր Նպատակին Ծառայեց Եւ Այժմ Որեւէ Դեր Չունի»

Յաջորդը

«Լիբանանի Վերաշինութեան Աջակցութեան Երթն Ու Զէնքի Մենաշնորհման Երթը Պէտք Է Զուգահեռ Կերպով Ընթանան» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

RelatedPosts

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը

September 29, 2026
Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»
Լիբանանեան

Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.