Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսսի Չկրցաւ Շահիլ Լիկայի Բաժակը

September 2, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիոնել Մեսսի եւ Ինթեր Մայեմի առիթներ ունէին, բայց զանոնք չօգտագործելով ծանր պարտութիւն կրեցին Սիեթըլ Սաունտըրզէն 3-0 արդիւնքով: Վերջինս շահեցաւ 2025-ի լիկայի բաժակի աւարտական մրցումը:

«Լումեն Ֆիլտ» դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, դաշտին տէրերը իրենց 69 հազար 300 համակիրներով ոգեւորուած շատ աւելի քաջալերեցին Սիեթըլը, քան 8 անգամ «Պալոն տ՛օր» շահած Մեսսսին:

Մեսսի, որ իր ասպարէզի ընթացքին 33 կոլեր նշանակած էր 33 ակմբային աւարտականներու, չկրցաւ 34-րդ լաւ ելոյթ ունենալ:

Լիկայի բաժակը, որ իրար դէմ կը հանէ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Մեքսիքայի խումբերը, շատ արագ սկսաւ եւ 3-րդ վայրկեանին իսկ Օսազ Տը Ռոսարիօ առիթ ունէր կոլ նշանակելու, բայց անոր հարուածը քիչ մը շեղեցաւ կոլէն: Քանի մը վայրկեան ետք, Մեսսի մուտք գործեց Սիեթըլի մեծ քառակուսին եւ կը պատրաստուէր հարուածելու, երբ վայրագ թաքըլ մը կատարեց խլելով գնդակը:

26-րդ վայրկեանին Տը Ռուպիօ կրցաւ նշանակել Սիեթըլի առաջին կոլը, եւ կիսախաղէն առաջ Ֆերէյրայի հարուածը զսպեց Մայեմիի բերդին սիւնը:

Ինթեր Մայեմիի մարզիչ Խաւիէ Մասքերանօ 4-4-2-էն 4-3-3-ի փոխեց խումբին խաղաձեւը Բ. կիսախաղին, եւ Մայեմիի ակումբը աւելի վտանգաւոր էր: 48-րդ վայրկեանին Սուարեսէն գեղեցիկ փոխանցում մը ստանալէ ետք, Մեսսի շատ բարձր հարուածեց` ոսկի առիթ մը կորսնցնելով: 56-րդ վայրկեանին Մասքերանօ պաշտպաններ փոխարինեց յարձակողներով, բայց Սիեթըլ օգտուեցաւ այս փոփոխութիւններէն եւ փենալթի մը շահեցաւ: Ռոլտան նշանակեց փենալթին, որմէ վայրկեաններ ետք Ռոթրոք հակայարձակումով նշանակեց Սիեթըլի 3-րդ կոլը:

Մրցումի աւարտին տգեղ էր երեւոյթը, երբ Սուարես Վարկասի վիզէն բռնած կռիւի ազդանշան տուաւ… 2 վայրկեան ծեծկռտուքէ ետք ամէն ինչ հանդարտեցաւ, եւ տեղի ունեցաւ մրցանակներու բաշխումը, ուր երկու խումբերն ալ ստացան մետալներ:

Սիեթըլի մարզիչ Պրայըն Շմեցըր այս ձեւով շահեցաւ ամէն կարելի տիտղոս: Ան 2 անգամ շահած էր «Էմ. Էլ. Էս.»-ի բաժակը` 2022-ին Քոնքաքաֆի «Չեմփիընզ լիկ»-ը եւ Լիկայի բաժակը:

Այս յաղթանակով Սիեթըլ Ինթեր Մայեմիի եւ Լոս Անճելըս Կալաքսիի (3-րդ) հետ պիտի մասնակցի յառաջիկայ «Չեմփիընզ լիկ»-ին:

Նախորդը

«Սերի Ա.» Ինթեր Միլան Անակնկալ Պարտութիւն Մը Կրեց

Յաջորդը

Ֆորմիւլա 1. Փիասթրի Շահեցաւ Նետերլանտներու Կրան Փրին. Հաժժար` 3-րդ

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.