Սլովաքիոյ ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սլովան Պրաթիսլաւա 3-2 արդիւնքով յաղթեց Քոշիցէին:
Սլովանի երեք կոլերը նշանակեց Նիքոլայ Քուխարեւիչ: Ուքրանացի մարզիկի երրորդ կոլի փոխանցումը կատարեց Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, որ լաւ ելոյթ մը ունեցաւ:
Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Կրասնոտար 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մոսկուայի բանակայիններուն դէմ մրցումին:
36-րդ վայրկեանին Մարուէյ Քիսլիաք նշանակեց Մոսկուայի կազմին կոլը, որմէ ետք Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան կիսախաղէն քիչ առաջ փոխանցեց Ճոն Քորտոպային, որ նշանակեց հաւասարութեան կոլը: 57-րդ վայրկեանին Քորտոպա կարծր ֆաուլէ մը ետք վտարուեցաւ դաշտէն, եւ Կրասնոտար մինչեւ մրցումին աւարտը շարունակեց 10 մարզիկներով` արդիւնքը պահելով հաւասար:
Խմբապետ Սփերձեան յաջող ելոյթ մը ունեցաւ եւ 93-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ:


