Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դիմադրութեան Նահատակները Իրանի Նահատակներ Որակելը Ամօթալի Է» Կ՛ըսէ Շէյխ Խաթիպ

August 23, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շիիներու իսլամական բարձրագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց. «Դիմադրութիւնը լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանցի պաշտօնատարներուն օգնելու համար կատարեց քայլեր, որոնք իր պարտաւորութիւնը չէին, օրինակ Լիթանիի հարաւէն արագօրէն հեռացումն ու զայն լիբանանեան բանակին յանձնելը: Ատիկա որոշումին տրամաբանութիւնը, պարտադրանքն ու հասկացողութիւնը չէ, այլ կատարուեցաւ նոր կառավարութեան եւ հանրապետութեան նոր նախագահին առիթ տալու, որպէսզի գործադրեն իրենց ըսածը, թէ` «ինչ որ հիմա չի լուծուիր, մենք դիւանագիտութեամբ կը լուծենք»: Բայց եւ այնպէս դիւանագիտութիւնը դարձաւ «նահանջեցէ՛ք, նահանջեցէ՛ք, նահանջեցէ՛ք» եւ «զիջեցէ՛ք, զիջեցէ՛ք, զիջեցէ՛ք» եւ վերջաւորութեան հասաւ ձեր զէնքը յանձնեցէքի՞: Ի՞նչի դիմաց. ոչինչի»:

«Իսրայէլացի թշնամին ու անոր կարգ մը պաշտօնատարները մինչեւ հիմա բացայայտ ու յստակ կերպով կ՛ըսեն, թէ Իսրայէլ գրաւած հողերէն պիտի չհեռանայ, յարձակումը պիտի չդադրեցնէ եւ որեւէ երաշխիք պիտի չտայ: Բայց եւ այնպէս, ոմանք դժբախտաբար կ՛ըսեն. «Բոլոր լիբանանցիները համաձայն են զինաթափման»: Ատիկա ի՞նչ կը նշանակէ եւ մեզի ի՞նչ կ՛ըսէ: Արդեօք, թէ մենք լիբանանցիներ չե՞նք: Անոնք, որոնք Լիբանանը պաշտպանելու համար զէնքին կը կառչին, լիբանանցիներ չե՞ն: Այս համայնքը, որ ամբողջութեամբ մէկ կարծիքի է, լիբանանցի չէ՞: Աւելի՛ն, դուք կը խօսիք բոլոր լիբանանցիներուն անունով, իսկ ո՞վ ձեզի այդ իրաւասութիւնը տուաւ: Դուն քու մասիդ խօսէ եւ կարծիքդ տուր, որովհետեւ տարակարծութիւնը խնդիր չէ: Այս առումով տարբեր կարծիքներ կան, եւ այս թեմային շուրջ տարակարծութիւն կայ», դիտել տուաւ շէյխ Խաթիպ:

«Մենք այս երկրին մէջ ուրիշներէն առաջ լիբանանցիներ ենք: Այս տրամաբանութեան իմաստը ի՞նչ է: Կը նշանակէ երկիրը բռնկեցնելու համար կրակին վրայ ձէթ թափել, ապա մեզի կ՛ըսեն, թէ ներքին սադրանք կայ, եւ դուք սադրանք կը յառաջացնէք: Մենք կը համբերենք, կը հանդուրժենք, մենք մեզ ու մեր զաւակները կը զսպենք, որպէսզի հակազդելով ձեր ուզածին, քաղաքացիական պատերազմի չհասնինք: Իրականութիւնը դուք, հակառակ ձեր պնդածին, Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ կ՛ուզէք: Ձեր լեզուն բան մը կ՛ըսէ, ձեր սիրտը` ուրիշ բան», աւելցուց ան:

«Դուք Լիբանանին կը վնասէք, քաղաքացիական խաղաղութեան կը վնասէք, լիբանանցիներուն ու լիբանանեան համայնքներու միջեւ յարաբերութիւններու կը վնասէք եւ հայրենիքը դէպի վիհ կ՛առաջնորդէք: Երկիրը իսրայէլացի թշնամիին ուզած տեղը տանելու այս նուէրը ձեզի պիտի չտանք», յայտնեց շէյխը:

«Պէտք չէ ըսէք, թէ Դիմադրութեան նահատակները Լիբանանի նահատակները չէին, այլ Իրանի: Ատիկա ամօթալի խօսք է, եւ պէտք չէ տգէտի մը եւ մանաւանդ կրօնական կամ քաղաքական պատասխանատուի մը կողմէ արտասանուի», շեշտեց շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահը:

Ան նաեւ շեշտեց, որ լիբանանցիները քաջ կը գիտակցին, որ զէնքէն զատ ոչ մէկը եւ ոչինչ զիրենք կը պաշտպանէ, այդ պատճառով ալ անոնք կառչած են այդ զէնքին, որմէ հրաժարեցաւ իշխանութիւնը: Լուռ մնացող լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը կողմ է զէնքին, որովհետեւ գիտէ, որ իր ճակատագիրը անով պայմանաւորուած է հարաւէն եւ հիւսիսէն եկող սպառնալիքներուն դէմ:

 

Նախորդը

Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Որոշեց Արգիլել «Աքրօ-Փարակլայտինկ»-ը

Յաջորդը

«Գերիներու Թղթածրարին Մէջ Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Կատարածը Դատապարտելի Է Եւ Ցնցիչ» Հաստատեց Մուսաուի

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.