Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստափոր Միքայէլեանի Նահատակութեան 120-Ամեակին Առիթով

August 22, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Այս տարին կը զուգադիպի անմահանուն Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան 120-ամեակին: Կը հաւատամ, որ մենք ոչ միայն անցեալը վերյիշելու պարտաւորութիւնը ունինք, այլ նաեւ` անցեալը վերապրելու եւ վերարժեւորելու այն մեծ պատգամը, զոր կտակեց մեզի Քրիստափոր Միքայէլեան: Անոր անունը չի պատկանիր միայն պատմութեան էջերուն. ան կ՛ապրի մեր սրտերուն, կը հնչէ մեր մտքերուն մէջ եւ կը հանգչի մեր խղճին խորքը:

Քրիստափորը եղաւ ազատութեան պատուանդանին կանգնած գաղափարի նուիրեալ ռահվիրան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյնն ու գաղափարի հաստատուն սիւներէն մէկը: Ան կը հաւատար, որ ազատութիւնը պարգեւ չէ, այլ` զոհողութեամբ ձեռք բերուած սրբազան իրաւունք, որուն գինը կը վճարուի` անանձնական նուիրումով, անկոտրում հաւատքով, կազմակերպութեամբ եւ անձնուիրութեամբ: Առ այդ, Քրիստափոր Միքայէլեան իր կեանքը քանդակեց ապառաժեայ  կոթողի վրայ` կանգուն ու անխորտակելի, որ կը վկայէ, թէ առանց գերագոյն զոհողութեան` ազգը չի հասնիր իր առաջնագոյն նպատակներուն` ազատութեան ու յաւերժական անկախութեան:

1905 թուականի մարտ 1-ին ճակատագիրը դառն վախճան վերապահած էր հայկական յեղափոխութեան առաքեալին: Պուլկարիոյ` Սոֆիայի մօտ գտնուող Վիտոշ լերան լանջին ճակատագրական պայթումը վերջ դրաւ Քրիստափորի մարմնաւոր կեանքին, բայց ծնունդ առաւ նոր յաւերժութիւն մը` գաղափարի՛ յաւերժութիւնը, որ դարձաւ կա՛նչ ու պատգա՛մ իրերայաջորդ սերունդներու հոգիներուն ու սրտերուն մէջ: Քրիստափոր Միքայէլեան եղաւ ներշնչման լուսատու փարոս հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան գաղափարին ու այդ պայքարին կամաւորագրուած մարտիկներուն համար:

Այսօր, հարիւր քսան տարի անց, մենք կանգնած ենք մեր պատմութեան նոր եւ ճակատագրական խաչմերուկին դէմ-դիմաց: Ապահովութեան պատրանքները կ՛ապականեն նաեւ հայ մարդու զգօնութիւնը, քաղաքակիրթ աշխարհը լուռ է ու լի` բազմատեսակ անորոշութիւններով ու սպառնալիքներով ամէնուրեք:

Գերեվարուած է Արցախն ու բռնի տեղահանուած է արցախահայութիւնը, մեր անկախ հայրենիքի սահմանները տակաւին ճակատագրական վտանգի տակ են, մեր ինքնութիւնը ենթակայ է մաշեցնող հոսանքներու, սփիւռքը նոյնքան եւ աւելի վտանգներու դէմ-յանդիման կը գտնուի: Այս պայմաններուն մէջ Քրիստափորի պատգամը կը հնչէ աւելի ուժգին, քան երբեւէ. «Մի՛ յուսահատիր, մի՛ տկարացիր, կոփէ՛ կամքդ, կազմակերպուի՛ր եւ գործէ՛»:

Այսօր` մենք որպէս ժառանգորդները Քրիստափորի  յարատեւ պայքարի ոգիին, կոչուած ենք վերանորոգելու մեր նուիրումը ոչ միայն յիշելու, այլ ապրելու` իր մոգական պատգամը: Կոչուած ենք պահելու` մեր հողը, լեզուն, մշակոյթն ու արժանապատուութիւնը: Եթէ Քրիստափոր ոգի ի բռին կրցաւ իր սերունդին ներշնչել յաղթանակի կամք` օսմանեան բռնութեան ու պատմական աղէտներու օրերուն, ապա մենք պարտաւոր ենք այդ ոգին կրել ու զայն փոխանցել մեր նորահաս սերունդներուն:

Այսօր, երբ կը խոնարհինք մեծանուն առաքեալին` Քրիստափոր Միքայէլեանի անմեռ յիշատակին առջեւ, մեր երդումը թող ըլլայ պարզ ու յստակ` չենք դադրիր մեր ազգին, հայրենիքի ազատութեան, արժանապատուութեան եւ միասնութեան ջահակիրները ըլլալէ հոն, ուր որ ալ գտնուինք, քանի դեռ հայ սիրտ մը կը բաբախէ մեր էութեան մէջ: Յանուն հայրենի հողի ազատագրութեան սրբազան կանչին` Քրիստափորի անունը պիտի հնչէ իբրեւ ուղեցոյց ու նշաձող, որ ոչ մէկ կայծակ ու խաւար պիտի կարենայ խափանել զանոնք:

Փա՜ռք քեզի, Քրիստափո՛ր Միքայէլեան, որ քու կեանքդ ու նահատակութիւնդ դարձուցիր ոգեւորիչ պատգամախօսութիւն նորահաս սերունդներուն համար, որպէս Դաշնակցութեան հիմնադիր եւ առաջնորդ` դուն եղար պատմական օրինակ` յանուն գաղափարի ու գերագոյն զոհաբերութեան:

Այսօր, 120 տարիներ անց, մենք կ՛ուխտենք, որ քու յարատեւ պայքարի պատգամն ու գերագոյն զոհաբերութեան ոգին պիտի ըլլան ամբողջական հայրենիք ամբողջական հայութեամբ դափնեպսակուած մեր ուղին լուսաւորող անշէջ կրակ` այսօր եւ միշտ:

Թորոնթօ

Նախորդը

Նիկոլ Փաշա

Յաջորդը

Հարիւր Անգամ…

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.