Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Զեկուցումը Կը Նշէ. «Հայաստանի Կառավարութիւնը Միշտ Չէ, Որ Յարգած Է Կամայական Ձերբակալման Արգելքը»

August 15, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սահմանադրութիւնն ու օրէնքը կ՛արգիլեն կամայական ձերբակալութիւնն ու կալանաւորումը եւ կ՛ապահովեն ոեւէ անձի իրաւունքը` դատարանի մէջ վիճարկելու իր ձերբակալման կամ կալանաւորման օրինականութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը միշտ չէ, որ յարգած է այդ պահանջները: «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան 2024 թուականի մարդու իրաւունքներու զեկուցումին մէջ:

«Ըստ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու, ոստիկանութիւնը երբեմն մարդիկ կը ձերբակալէր առանց պաշտօնական մեղադրանքներու` իբրեւ պատիժի ձեւ: Փաստաբանները կը նշէին, որ մարդոց կալանաւորելու դատարանի որոշումները անկանխատեսելի էին, որովհետեւ նմանատիպ հանգամանքներու մէջ մեղադրեալները կ՛ենթարկուէին տարբեր սահմանափակումներու: Դէտերը նշած են, որ ոստիկանութիւնը երբեմն կը խուսափէր անհատներու պատշաճ դատավարութեան իրաւունքներէն` զանոնք դատարան կանչելով եւ կալանաւորելով` պաշտօնապէս ձերբակալելու փոխարէն, այն պատրուակով, որ անոնք գործուն վկաներ են, եւ ոչ թէ կասկածելիներ: Ատիկա ոստիկանութեան կ՛արտօնէր հարցաքննել անհատները առանց պաշտպանի օգնութեան:

«Այս գործելաոճը յատկապէս ակնյայտ էր մայրաքաղաքէն դուրս: 13 նոյեմբերին խոշտանգումներու, անմարդկային վերաբերմունքի կամ պատիժի կանխարգիլման եւրոպական կոմիտէն (Սի.Փի.Թի.) հրապարակեց զեկուցում սեպտեմբեր 2023-ին երկիր կատարած իր այցելութեան վերաբերեալ: Այնտեղ «Սի.Փի.Թի.»-ն նշած է իրաւական երաշխիքներու բարելաւումները: Մասնաւորաբար, «Սի.Փի.Թի.»-ն նշած է, որ ոստիկանութեան հետ «ոչ պաշտօնական զրոյցներու» նախկին գործելաոճը գործնականին մէջ վերցուած է, հակառակ այն իրողութեան, որ ոստիկանութեան աշխատակիցները երբեմն տակաւին կալանաւորուածները ենթադրեալ քրէական յանցագործութեան առնչուող հիմնական փաստական տարրերու վերաբերեալ կը հարցաքննէին` առանց պաշտպանի ներկայութեան», նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումին մէջ:

 

Նախորդը

Սուրիան Կ՛ողջունէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը

Յաջորդը

Վելայաթի. «Իրան Միշտ Հանդէս Եկած Է Իր Դրացիներուն Միջեւ Խաղաղութեան Օգտին»

RelatedPosts

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
5 Հոկտեմբերէն Դեսպանատուներու Միջոցով Հայաստանի Անցագիրի Ծառայութիւնը Ժամանակաւորապէս Պիտի Դադրեցուի
Հայկական

5 Հոկտեմբերէն Դեսպանատուներու Միջոցով Հայաստանի Անցագիրի Ծառայութիւնը Ժամանակաւորապէս Պիտի Դադրեցուի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.