Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրերու Օր

May 14, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիս ամիսն է, որ մայրանալով` ծնունդ կու տայ բնութեան. անիկա կը ծաղկի ու կը գեղեցկանայ: Հայ ժողովուրդն ալ, զուգահեռ մը գծելով բնութեան ծաղկումին եւ մայրերուն միջեւ, այս ամիսը նուիրուած է հայ մօր, ապրիլ ամիսէն ետք:

Տարիներէ ի վեր  սովորութիւն դարձած է Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին մէջ այս ամսուան ընթացքին մանկապարտէզի բաժնին կողմէ նշել մայրերու օրը:

Այս տարի եւս, չորեքշաբթի, 9 մայիս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, դպրոցի «Հետուիկ» սրահը հաւաքուած էին մայրեր, մեծ մայրեր եւ հիւրեր:

Բացման խօսքը արտասանեց դպրոցի մանկապարտէզպանուհի Նաթալի Քենտիրճեան եւ ըսաւ,  որ մայր բառը հոմանիշ է զոհողութեան, նուիրումի, սիրոյ, հոգածութեան եւ դաստիարակութեան:

Ան յիշեց, թէ այն մայրը, որ ունի ամուր սկզբունքներ, աստուածավախ է, բազմակողմանի մտածելակերպով օժտուած, իրմէ տարբերը կրնայ ընդունիլ եւ հասկնալ, ունի սէր մշակոյթի եւ արուեստի նկատմամբ, նաեւ գիտէ իր ժամանակը օգտագործել ի շահ իր զաւակներուն բարօրութեան, անպայման պիտի յաջողի իր առաքելութեան մէջ:

Ապա ան հրաւիրեց դպրոցի տնօրէն  վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանը` փոխանցելու իր սրտի խօսքը:

Վեր. Մսըրլեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ինծի համար ուրախութիւն է մայրերու օրը տօնել, որովհետեւ մայրերը արժանի են ամէն տեսակ յարգանքի ու տօնակատարութեան: Մայրերուն զոհողութիւնը, ծառայութիւնը, մանաւանդ որպէս հայ մայր, գնահատելի է: Հայ մայրը աւելի պարտականութիւն ունի իր զաւակները կրթելու, մեծցնելու որպէս հայ եւ  քրիստոնեայ: Մայրն է, որ ընտանիքը կը շինէ եւ մայրն է, որ ընտանիքը կը քանդէ»:

Իր խօսքէն ետք վեր. Մսըրլեան ներկայացուց օրուան դասախօսը` Մարալ Հայտոսթեան, որ Պէյրութէն հրաւիրուած էր:

Մ. Հայտոսթեան իր խօսքը սկսաւ` ըսելով. «Մայրերու օրը օր մըն է, երբ կանգ կ՛առնենք արժեւորելու մեր մայրերը: Մայր բառը կեանքի գաղտնիք մըն է: Մայրը ծնունդ կու տայ զաւկին, հոգացող, քաջալերող, դաս սորվեցնող, հսկող, մաքրող, դաստիարակող եւ աղօթող է: Մայրը գոհունակ եւ երախտապարտ սրտով կ՛ընդունի Աստուծոյ պարգեւը` զաւակը: Մայրը կը հասնի իր զաւկին բոլոր պէտքերուն` լացով, սիրով եւ ամէն բանի կը համբերէ: Ան իր զաւկին իւրաքանչիւր քայլին կը հետեւի: Թերեւս միայն մայրն է, որ կարողութիւնը ունի իր զաւկին աչքերուն մէջ նայելով` հասկնալու անոր բոլոր կարիքները»:

Մայրը միշտ պատրաստ է իր զաւկին հետեւելու եւ աղօթելու: Մայր ունենալը երջանկութիւն է, իսկ մայր ըլլալը արդեօք ի՞նչ է, հարց տուաւ դասախօսը, ապա աւելցուց` այդ է երջանկութիւնը եւ անոր բանալին:

Ըստ անոր, Ճ. Ռոպին կը խօսի ներքին երջանկութեան մասին եւ կ’ըսէ, թէ երջանկութեան 3 բանալիներ կան. ինքզինք ճանչնալ, յոյսով սպասել եւ սիրել:

«Մեր երջանկութիւնը մենք մեր մէջ պէտք է գտնենք, երբ գոհունակ սիրտ ունենանք: Ուրախ անձեր իրենց շուրջը գտնուողները կ՛ուրախացնեն: Երբ մենք կը ժպտինք մեր դիմացինն ալ ինքնաբերաբար առանց զգալու կը ժպտի: Եկէք` ուրախ ըլլանք ու ցնծանք, որովհետեւ Յիսուս ըսաւ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէսզի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ լման ըլլայ»:

Մայր ունենալը երջանկութիւն է, իսկ մայր ըլլալը պատասխանատուութիւն է, իսկական երջանկութիւն է, որպէսզի կարենանք իսկական կապը ըլլալ Աստուծոյ եւ անոնց միջեւ:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին եւ ըսաւ. «Եկէք` միասին տօնենք այս պատուական օրը` ողջագուրելով մեր մայրերը, մեր սէրը եւ շնորհակալութիւնը յայտնելով անոնց: Իսկ եթէ մեր մայրերը մեկնած են այս աշխարհէն, Աստուծոյ փառք տանք անոնց կեանքերուն համար եւ այն գեղեցիկ յիշատակներուն համար, որ անկարելի է մեր սրտերէն եւ հոգիներէն հանել»:

Քաջ եւ շնորհալի հայ մայրերուն օրինակները թող մեզ կանգուն պահեն եւ մեզ մղեն իրենց օրինակին նման մայրեր ըլլալու:

Դասախօսութենէն ետք մանկապարտէզի աշակերտները ներկաներուն հրամցուցին փունջ մը երգեր` իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելով:

Ապա անոնք իրենց մայրերուն եւ մեծ մայրերուն տուին նուէրներ:

Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Նախորդը

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. Վարժարանի Հիմնադրութեան 80-Ամեակի Ճաշկերոյթ

Յաջորդը

Արուեստի Ծիլեր Յուշարձան Մայրիկիս

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.