Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքին Եւ Կը Հաւատանք, Թէ Այդ Հարցերուն Վերաբերեալ Որոշումները Ներքին Հարց Են»

August 12, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի նշեց. «Իրան կը զօրակցի Իսրայէլի դիմաց ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքին»` աւելցնելով, որ այդ իրաւունքը կարելի չէ առանց զինման ու զինուորական կարողութիւններ ունենալու, «եւ կը հաւատանք, թէ այս խնդիրները լիբանանեան ներքին հարց են, եւ այս երկրի ժողովուրդը, լիբանանեան հասարակութեան բաղադրիչ տարբեր մասերով, պէտք է իրաւական եւ որդեգրուած քայլերով ճշդէ իր ազգային շահերը եւ այդ հիմամբ գործէ»:

«Իրան կը հաստատէ անհրաժեշտութիւնը պահպանելու Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը եւ կը ճանչնայ իսրայէլեան յարձակումներուն դիմաց ինքզինք պաշտպանելու անոր իրաւունքը», շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ ան:

«Կը գիտակցինք բռնագրաւող ու միջազգային օրէնքները չյարգող գոյացութեան մը դրացնութեան դժուարութիւններուն, եւ փորձառութիւնը փաստեց, թէ պետութեան ծառայութիւնները զինուորական սարքերով զինելը եւ պաշտպանական կարողութեան ամրապնդումը իսրայէլեան յարձակումները արգիլելու միակ լուծումներն են», նշեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

«Այս շրջանին մէջ ապրելու փորձառութիւնը մեզի կը փաստէ, թէ սիոնական գոյացութեան թռիչքը կարելի է զսպել միայն ինքզինք պաշտպանելու անհրաժեշտ կարողութիւններու ապահովումով, ուստի կը հաստատենք Լիբանանի ինքզինք պաշտպանելու եւ սիոնական գոյացութեան դիմաց տոկալու իրաւունքը», աւելցուց ան:

«Այս իրաւունքը իւրաքանչիւր պետութեան, ներառեալ Լիբանանի համար հաստատ իրաւունք է ինքզինք պաշտպանելու սիոնական գոյացութեան յարձակումներէն», յայտնեց Պաղայի:

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Մարմնակրթական Պետական Կառոյցներ Այցելեց

Յաջորդը

Լիբանան Այցելութեան Նախօրեակին. Լարիժանի. «Լիբանանի Մէջ Ազգային Միասնականութիւնը Չափազանց Կարեւոր Է, Եւ Պէտք Է Զայն Ամէն Պարագայի Մէջ Պահպանել»

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.