Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ուիլսընէն Թրամփ Կամ Սեւրէն` «Իրական Հայաստան». Սեւրի Դաշնագիրի 105-Ամեակին Առիթով

August 9, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեւրի դաշնագիրը անքակտելիօրէն կը կապուի Ուիլսընի իրաւարարութեան հետ: Գործընթացները պէտք է դիտարկել այդ օրուան պայմաններուն ճիշդ գնահատական տալու մօտեցումներով եւ նկատելու Թուրքիոյ ուղղութեամբ միջազգային ընտանիքի բանեցուցած ճնշումներուն տարողութիւնը:

Եւ որովհետեւ միջազգային օրուան քաղաքականութեան առաջնային գիծերու վրայ էին Միացեալ Նահանգները, անոր նախագահին կը վստահուէր իրաւարարութիւն, սահմանագծելու համար Հայաստանը: Քաղաքական ընկալումով` մասնատելու համար Թուրքիան:

Ամերիկեան դերակատարութիւնը վճռորոշ եղած է տարբեր տարածաշրջաններու համար եւ այս պարագային յատկապէս Թուրքիոյ դերի բարձրացման կամ թուլացման միտումները նկատի ունենալով:

Սեւրի օրերուն ճնշումը Թուրքիոյ վրայ էր. հիմա, Թրամփով ճնշումը Ռուսիոյ վրայ է: Սեւրեան Հայաստանը հարուած էր Թուրքիոյ: «Իրական Սիւնիք»-ը Մոսկուայի դէմ ուղղուած հարուած է: Քայլ` ռուսական գործօնի տարածաշրջանէն հեռացումի:

Միանգամայն Ուաշինկթըն հրաւիրուիլը Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին այս ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ պէտք է դիտարկել: Ապու Տապիով սկսած եւ Ուաշինկթընով շարունակուող հանդիպումները ըստ էութեան նախկին եռակողմ համաձայնութիւններու չեղարկումն են: Աւելի ուղղակի` ռուսական երաշխաւորութեան կամ միջնորդութեան կտրուկ մերժումը եւ անոր փոխարինումը ամերիկեանով:

Աւելի՛ն. եթէ նախապէս կը խօսուէր բացուելիք հաղորդակցութեան ուղիները ռուսական վերահսկողութեամբ աշխատցնելու մասին, հիմա արդէն արտապատուիրակումի կամ վարձակալման պատկերացումներով խօսքը կ՛երթայ ամերիկեան մասնաւոր ընկերութեան Սիւնիք տեղակայումին:

Իրադրութիւնները կը յուշեն, որ ոչ թէ ճանապարհներու անվտանգութեան վերահսկողութիւնը ապապատուիրակելու մասին են քննարկումները, այլ ընդհանրապէս գերիշխան որոշումները ապապատուիրակելու:

Հիմա ուրեմն, իրադարձութիւնները այնպէս են, որ ամերիկեան հաւանական ներկայութիւնը Սիւնիքի մէջ ոչ թէ անվտանգային նպատակներէ կը մեկնի կամ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի նկրտումները զսպելու որոշումներէն, այլ պարզապէս ռուսականը չէզոքացնելու, հեռացնելու քաղաքականութենէն:

Եւ եթէ ճիշդ ընկալենք իրադարձութիւններուն քաղաքական շարժառիթները, ապա շատ պարզ կը դառնայ, որ շարժառիթներու փոփոխութեամբ հիմնովին կը փոխուին նաեւ քաղաքականութիւնները: Եթէ Ուաշինկթընը որեւէ պահու զսպիչ գործողութիւններու անցնի Անգարայի դէմ, ապա պիտի յիշէ, որ իր նախորդ նախագահներէն մէկը ծովային ելք խոստացած էր հայերուն ասկէ 105 տարի առաջ:

Յիշելու այդ պահը քաղաքականօրէն կը հասուննայ: Մինչ այդ, սակայն, իրաւատէրը պէտք չէ հրաժարած ըլլայ  խոստում ստացած իր հանգամանքներէն: Ասիկա չ՛ենթադրեր, որ հարցը պէտք է արծարծէ միջազգային ատեաններուն մէջ: Բացարձակօրէն չենթադրեր նաեւ, որ «իրական Հայաստան»-ի կեղծ գաղափարախօսութեան տարազին տակ ընդմիշտ, իրաւապայմանագրային տեսքերով հրաժարի իր պատմական իրաւունքներէն: Սկսելով Անկախութեան հռչակագիրի իրաւադրոյթներէն:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը ուղղակի, իսկ Անկախութեան հռչակագիրը անուղղակի յղում ունին Սեւրին եւ իրաւարար վճիռին: Քաղաքականութիւնը յարափոփոխ է,  իրաւատէր մնալու սկզբունքը` անսասան: «Իրական Հայաստան»-ի ոչ մէկ «գաղափարախօս» կրնայ իրաւազրկել  հայ ժողովուրդը Սեւրով եւ իրաւարար վճիռով հաստատուած իրաւունքներէն:

Նախորդը

Ռաժժի. «Որոշումը Պատմական, Վճռական Ու Վերջնական Էր, Եւ Անկէ Ետդարձ Չկայ»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 211-ի Լուծում

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.