Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աֆրամ Բ. Եւ Պասիլիոս Ա. Պատրիարքները Միասնաբար Այցելեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին

August 9, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 8 օգոստոս 2025-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Աֆրամ Բ. պատրիարքին եւ ասորի-հնդիկ եկեղեցւոյ պետ Պասիլիոս Ա. պատրիարքին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ բերելու այժմէական երկու հարցեր.

Նախ լայնօրէն քննարկուեցան Անտիոքի ասորի պատրիարքութեան եւ Հնդկաստանի ասորի պատրիարքութեան միջեւ անցեալէն եկող տարակարծութիւնները: Այս գծով, շուրջ 15 տարի առաջ, եւ նաեւ վերջերս Եգիպտոսի մէջ կայացած ժողովին, վեհափառ հայրապետը որոշ աշխատանքի ձեռնարկած է` փոխադարձ հասկացողութեան եզրեր գտնելու յիշեալ երկու պատրիարքութիւններուն միջեւ ընդհանրապէս, ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի մալապար եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած ներքին տարակարծութիւններուն գծով:

Երեք հոգեւոր պետերու հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ հասկացողութեան եզրեր գտնելու կարելիութիւնները:

Ապա, անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն: Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Աֆրամ Բ. պատրիարք շեշտեցին քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ սերտ գործակցութիւնը աւելի զարգացնելու եւ Սուրիոյ նոր իշխանութեան հետ փոխադարձ հասկացողութիւնը աւելի խորացնելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը դարձեալ շնորհաւորեց հնդիկ մալապար եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Պասիլիոս Ա. պատրիարքը` անոր ընտրութեան ու գահակալութեան առիթով:

Նախորդը

Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրեն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին
Գաղութային

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին

November 11, 2026
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ
Գաղութային

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ

November 11, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.