Երեւանի Փիւնիկը չկրցաւ յաղթել Հունգարիոյ Տիորին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ի զտումի Բ. հանգրուանին:
Տիորի ալճերիացի յառաջապահ Նատեր Պենպուալի 2 կոլ նշանակեց 16-րդ եւ 69-րդ վայրկեանին: Փիւնիկ, որ երթին 2-1 արդիւնքով յաղթած էր Երեւանի մէջ, կրցաւ կոլ նշանակել 84-րդ վայրկեանին:
Սակայն 90 վայրկեանները աւարտելէ ետք եւ երբ կը սպասուէր երկարաձգման, խրուաթ Տանիէլ Շթեֆուլ նշանակեց Տիորի 3-րդ կոլը` վերջ դնելով Փիւնիկի յոյսերուն:
Անցեալ տարեշրջանի փոխախոյեան Արարատ-Արմենիա, Երեւանի մէջ ճերմակ հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք Ունիվերսիտատէա Քլիւժի (Ռումանիա) հետ, դժուար մրցում մը ունէր մրցակիցի դաշտին վրայ:
13-րդ վայրկեանին պոսնիացի Եովօ Լուքիչ նշանակեց Քլիւժի առաջին կոլը: 53-րդ վայրկեանին Կամօ Յովհաննիսեան նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
90-րդ վայրկեանէն ետք արդիւնքը անփոփոխ մնալէ ետք, դիմուեցաւ երկարաձգման: 117-րդ վայրկեանին կանացի յառաջապահ Փոլ Այոնկօ նշանակեց Արարատ-Արմենիայի յաղթանակի կոլը:
«Կը կարծեմ, որ արժանի էինք յաղթելու: Երկու խաղերուն ալ աւելի լաւ էինք, քան մրցակիցները: Կրնայինք դարձի մրցումը առաւելութեամբ խաղալ, բայց պարտուողի դիրքի վրայ ըլլալով հաւանաբար աւելի լաւ խաղցանք: Սքանչելի մթնոլորտ էր, հաճելի միջավայր: Մեր ֆութպոլիստները այդքան ալ վարժ չեն այդպիսի հրաշալի դաշտի մթնոլորտին: Գլխաւորը ցանկութիւնն էր, լաւ մտանք խաղի մթնոլորտին մէջ եւ սկիզբէն լաւ առիթներ ունէինք: Աւելի ուշ, երբ մրցակիցը սկսաւ երկու յառաջապահներով խաղալ, մենք կրցանք յարմարիլ եւ հակադարձել մրցակիցին` հասնելով դրական արդիւնքի», ըսաւ Արարարտ-Արմենիայի փորթուգալցի Մանուէլ Թուլիպա:
Գ. հանգրուանին Արարատ-Արմենիա պիտի մրցի չեխական Սփարթա Փրակայի դէմ:


