Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Անհամբեր Կը Սպասենք Շարհի 15 Օգոստոսին Մոսկուա Այցելութեան»

August 1, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանին ընդունելու ընթացքին յայտնեց. «Անհամբեր կը սպասենք Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի 15 օգոստոսին Մոսկուա այցելութեան»:

Շիպանի Լաւրովի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Ռուսիոյ հետ կ՛ուզենք ճիշդ եւ առողջ յարաբերութիւններ, ոոոնք հիմնուած են գործակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ»:

«8 դեկտեմբերէն ի վեր աշխատանք տարինք քաղաքական բացը լեցնելու եւ կրցանք կառավարական հաստատութիւնները պահպանել», ըսաւ սուրիական դիւանագիտութեան պետը:

«Աշխատանք կը տանինք երկրէն ներս եւ դուրս սուրիացիները համախմբելու», աւելցուց ան:

«Մարտահրաւէրներով լեցուն փուլէ կ՛անցնինք: Սուրիոյ համար մեծ առիթ գոյութիւն ունի, եւ կը փափաքինք, որ Ռուսիան մեր կողքին ըլլայ», նշեց Շիպանի:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը Լաւրովի հետ հանդիպումէն ետք նշեց. «Կը մերժենք պետութեան ծիրէն դուրս որեւէ զէնքի գոյութիւնը եւ յանձնառու ենք սուրիացիներուն միջեւ վստահութեան կառուցման»:

«Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղենք` չմիջամտելու մեր ներքին գործերուն եւ փոքրամասնութիւններու խաղաքարտը չօգտագործելու», նշեց Շիպանի` աւելցնելով. «Մենք Իսրայէլին սպառնալիք չենք ներկայացներ, եւ անոր վրայ որեւէ յարձակում գործելու մտադրութիւն գոյութիւն չունի»:

«Տիւրզիներու պաշտպանութիւնը սուրիական պետութեան պարտաւորութիւնն է», ըսաւ ան:

Սուրիական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց. «Համաձայնութիւն գոյացուցինք Ռուսիոյ հետ նախապէս գոյացած բոլոր համաձայնութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու, եւ աշխատանք կը տանինք մեր արտաքին յարաբերութիւնները ի շահ սուրիացի ժողովուրդին օգտագործելու»:

«Խաւարի երկարատեւ տասնամեակներէ ետք նոր Սուրիա կը կառուցենք», ըսաւ Շիպանի` նշելով. «Ռուսիոյ հետ գործակցութիւնը անցեալի ժառանգութեան վրայ չէ հիմնուած, այլ փոխադարձ յարգանքի եւ գերիշխանութեան»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը նախանձախնդիր է «Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ երկխօսութեան ամրապնդման»:

«Կը գնահատենք Սուրիոյ կատարած բոլոր քայլերը` պահպանելու Սուրիոյ մէջ ռուսական կառոյցներն ու ռուս քաղաքացիները», ըսաւ ան:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց. «Կը զօրակցինք Սուէյտայի մէջ կայունութեան վերականգնման վերաբերեալ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախաձեռնութեան, կը զօրակցինք նաեւ Սուրիոյ միութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ կը մերժենք սուրիական հողերուն որեւէ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան կամ հաշիւներ մաքրելու համար օգտագործումը»:

«Այսօր քննարկեցին Սուրիոյ հետ բոլոր ոլորտներուն, ներառեալ տնտեսական ու ապահովական ոլորտներուն մէջ գործակցութիւնը զարգացնելու առիթները», նշեց Լաւրով:

«Համաձայնութիւն գոյացուցինք վերատեսութեան ենթարկելու Սուրիոյ հետ նախապէս կնքուած բոլոր համաձայնութիւնները, ինչպէս նաեւ համաձայնեցանք Սուրիոյ հետ տնտեսական յանձնախումբի նախագահներու նշանակման շտապելու», ըսաւ ան:

«Մենք մերժեցինք Սուրիոյ դէմ հաստատուած բոլոր պատժամիջոցները եւ կը զօրակցինք անոնց վերացման», շեշտեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

 

Նախորդը

Պրուս. «Մոսկուան Թրամփի Համբերատարութիւնը Սխալ Ընկալած Է»

Յաջորդը

Արաղչի. «Կարելի Չէ Համաձայնութիւն Գոյացնել, Այնքան Ատեն Որ Թրամփ Իւրանիոմի Հարստացումը Դադրեցնելու Մեր Համաձայնութիւնը Կը Պահանջէ»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.