Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Կիրակի Օր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շեքքա

August 1, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս կիրակի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի իր 2-րդ մրցումը պիտի կատարէ հիւսիսի շրջանի Շեքքա խումբին դէմ:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր անցեալ շաբաթ Սան Հարիպի դէմ (Պի. Էֆ. Էյ. ակադեմիա), մինչ Շեքքա նոյն արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Լիուաա Սայտայէն:

Յաջորդական յաղթանակ արձանագրելը շատ կարեւոր է այս հանգրուանին մնալու համար առաջին դիրքի վրայ:

Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայանալ Ճիւնիի դաշտ: Վարչութիւնը մասնաւոր փոխադրակառքեր ապահոված է համակիրները փոխադրելու դաշտ` Ռաուտայէն, Ֆանարէն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն, ժամը 14:00-էն սկսեալ:

Տղոցմէ կը սպասուի կատարել իրենց առաւելագոյնը խումբի մը դէմ, որ պիտի փորձէ անպայման յաղթել անցեալ շաբթուան պարտութենէն ետք:

Հակառակ անոր, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շատ լաւ միջնապահ գիծ ունի, ուր խմբապետ Աւիկ Յարութիւնեան եւ Յակոբ Նաճարեան մեծ աշխատանք կը տանին գնդակը մրցակիցէն «գողնալու», կամ աւելի ճիշդ է ըսել` պաշտպանողականին վրայ թեթեւցնելու ճնշումը: Դիւրին փոխանցումներով, միշտ դիրք փոխելով, ՀՄԸՄ շատ լաւ ոճի ֆութպոլ կը խաղայ:

Լիուաա Սայտա պիտի մրցի Ռաուտա Տըքուանէի դէմ Սաֆայի դաշտին վրայ, մինչ Ամալ Սալամ Զղարթա պիտի մրցի Սանհարիպի դէմ, Ահտի դաշտին վրայ:

Ուրեմն, կիրակի օր, բոլորս դաշտ` Ճիւնիի մէջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը քաջալերելու:

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Նազարեան Աշխարհի Ախոյեան

Յաջորդը

Աքկիւն. «Եթէ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Ստորագրուի, Եւ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Վերաբերող Պայմանները Կատարուին, Թուրք-Հայկական Սահմանը Կրնայ Բացուիլ»

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.