Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրելուն Շատ Մօտ Ենք, Սակայն Ատիկա Կարելի Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Փոփոխութենէն Եւ Մինսքի Խմբակի Լուծարումէն Ետք»

July 21, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարանցիկ երկիր դառնալու Հայաստանի կարելիութիւնները կը նուազին: Եթէ Երեւանը շարունակէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը փակ պահել, կրնայ ոչ միայն փոխադրամիջոցային, այլ նաեւ քաղաքական մեկուսացման մէջ յայտնուիլ: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Յաջորդ տարուան գարնան Ազրպէյճան պիտի աւարտէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի գործարկման համար նախատեսուած երկաթուղիի իր հատուածի շինարարութիւնը:

«Երբ կը խօսինք Զանգեզուրի մէջ փոխադրամիջոցային երթուղիի մասին, խօսքը միայն Ազրպէյճանի հիմնական մասը Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան հետ կապելու մասին չէ: Խօսքը միջազգային նշանակութեան փոխադրամիջոցային միջանցքի մասին է», նշած է ան:

Ալիեւ նաեւ ընդգծած է, թէ Ազրպէյճանի գնահատումով «Զանգեզուրի միջանցք»-ի կարողական հզօրութիւնը սկզբնական փուլին 15 միլիոն թոն է:

«Կը կարծեմ, որ մենք շատ մօտ ենք խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելուն, խաղաղութեան համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ անմիջապէս լուծելէ ետք երկու հարց` Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութենէն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարումէն ետք», յայտարարած է Ալիեւ:

«Այո՛, բնագիրը կրնայ նախապէս նախաստորագրուիլ, եւ ազրպէյճանական կողմը արդէն իսկ Ապու Տապիի մէջ նման առաջարկ ներկայացուցած է: Սակայն, ինչպէս գիտէք, փաստաթուղթի նախաստորագրումը անոր ստորագրում չի նշանակեր: Այսինքն` մէկ բան է բանաւոր համաձայնութիւն յայտնելը, ուրիշ բան` փաստաթուղթի իւրաքանչիւր էջ նախաստորագրելը», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:

 

Նախորդը

Հաճիեւ. «Առանց Միջնորդներու Երկխօսութիւնը Պաքուին Եւ Երեւանին Արտօնեց Շօշափելի Յառաջընթացի Հասնիլ»

Յաջորդը

Ահմատիան. «Իրան Հայաստանին Յայտնած Է Շրջանային Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի Փոփոխութեան Դէմ Ըլլալուն Մասին»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.